Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններուն. Նըժմէ Առաջադրեց Սապլինիի Թեկնածութիւնը
Իր գումարած շաբաթական ժողովէն ետք, Նըժմէ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն իր թեկնածուն է Ասաատ Սապլինի:
Նըժմէի նախագահ Մոհամետ Ամին Տահուք ըսաւ, որ այս առաջադրումը կատարուեցաւ շնորհիւ Սապլինիի ունեցած լաւ յարաբերութիւններուն` լիբանանեան բոլոր ակումբներուն հետ:
Ան յոյս յայտնեց, որ Սապլինիի միջոցով Նըժմէ – լիբանանեան ակումբներ գործակցութիւնը կ՛ըլլայ շարունակական` ի շահ լիբանանեան ֆութպոլի յառաջդիմութեան:
Տահուք եզրափակեց ըսելով, որ Նըժմէ պատրաստ է բոլոր ակումբներուն հետ կապի մէջ մտնելու` ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն գծով տարուելիք աշխատանքներուն:
CATEGORIES Մարզական

