Ըստ Ուքրանական Կայքէջի Մը. Եուրի Ճորքայէֆ Իր Յոյսերը Չէ Կորսնցուցած Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մարզելու Գծով

Իր լուրը քաղելով ուքրանական sportsegodnya կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ նախկին ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայէֆ իր յոյսերը չէ կորսնցուցած օրին մէկը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մարզելու գծով:

«Հաճելի պիտի ըլլայ օրին մէկը ստանձնել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Ատիկա բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ ինծի համար», ըսած է Ճորքայէֆ:

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Ճորքայէֆ, իր ստացած մէկ վնասուածքին պատճառով 2006-ին լքեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

2007-ին ան կը մարզէր «համահայկական միութեան» պատկանող Տեսեն խումբը: Ան այժմ կը բնակի Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներ) Մենհեթըն թաղին մէջ, իր կնոջ` Սոֆիի, դստեր` Անճելիքայի եւ երկու տղոց` Սաշայի եւ Օհանի հետ:

Նշենք, որ ան 2013-ին Media-mass պարբերաթերթին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Ֆրանսայի ամէնէն հարուստ ֆութպոլիստը` անոր ունեցուածքը գնահատելով 275 միլիոն եւրոյով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES