Սինկափուրի Դատարանին Կողմէ. Լիբանանցի Իրաւարարներ Սապպաղ, Իտ Եւ Թալեպ Բանտարկութեան Վճիռ Ստացան

Սինկափուրի դատարանը երեք ամսուան բանտարկութեան վճիռ արձակեց լիբանանցի երեք իրաւարարներու` Ալի Իտի (33 տարեկան), Ապտալլա Թալեպի (37 տարեկան) եւ Ալի Սապպաղի (34 տարեկան) դէմ:

Դատարանին մէջ անոնք երեքն ալ խոստովանեցան, որ գրաւի գրասենեակներէ (Սինկափուրի մէջ) կաշառք ստացած են` մրցումներուն արդիւնքներուն հետ խաղալու համար:

Նշենք, որ Սապպաղի դէմ երէկ այլ վճիռ մը եւս արձակուեցաւ (վեց ամսուան բանտարկութիւն)` նկատի ունենալով, որ այդ դատարանին համաձայն, անոր պատիժը եղաւ աւելի շատ, որովհետեւ ան կը նկատուի գլխաւոր յանցագործը: Մնացեալ երկուքը երեք ամսուան բանտարկութեան վճիռ ստացան:

Երեք իրաւարարները ձերբակալուած էին նախորդ 4 ապրիլին` Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով իրենց սուլած մրցումէն ետք, երբ 3 ապրիլին տեղի ունեցած էր Թամպայնզ Ռովըրզ (Սինկափուր) – Իսթ Պենկալ (Հնդկաստան) մրցումը:

 

Share this Article
CATEGORIES