Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ինքնավստահ եղէք եւ ապաւինեցէք ձեր դատողութեան: Ձեր որոշումը աւելի կ՛արժէ, քան` ուրիշ ոեւէ մէկուն կարծիքը: Ստորակայութեան բարդոյթ մի՛ ունենաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընտանիքը ներկայ է ձեր մօտ, եթէ պէտք  ունենաք անոր օգնութեան: Համերաշխութիւնը եւ գործակցութիւնը միշտ շահաւէտ եղած են:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օգտուեցէք բնութեան բարիքէն, գացէք պտոյտի` դէպի ծաղկած դաշտեր, ուր կրնաք ներշնչուիլ ըստ ձեր նկարագրին եւ նախասիրութեան: Օրը պիտի ապրիք հաճելի տրամադրութեամբ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատանքը ձեր դիմաց պիտի բանայ նոր հորիզոններ: Կատարեցէք առանց վարանելու, ինչ բանի մասին որ կ՛ուզէիք ծրագրել: Օրը յաջող է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր օրը պիտի ըլլայ յաջող` շնորհիւ ձեր ջանքերուն: Շարունակեցէք նոյն թափով որպէսզի կարենաք ամբողջացնել ձեր ծրագիրը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարի կամեցողութեան ձեր արժանիքը ցոյց տուէք, որպէսզի կարենաք ազդել ձեր շուրջիններուն վրայ: Պիտի յարգուիք ձեր կեցուածքով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կատարեցէք ձեզի յանձնուած պարտականութիւնները` առանց դժկամութեան: Ցոյց տուէք ձեր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի յարգուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի լռեցնէք չար լեզուները, որոնք զուր տեղ կը փորձեն մթնոլորտ պղտորել բարեկամներու միջեւ: Հեռու մնացէք շատախօսներէ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր պարտականութիւններէն դուրս մի՛ ելլէք, ըրէք միայն ձեզի թելադրուածը: Միջամուխ մի՛ ըլլաք ուրիշին գործերուն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վճռական եւ դրական կեցուածք ունեցէք: Ձեր ապագան գրուած է արդէն: Օրը ունի իրագործելի նոր պարտաւորութիւններ: Աշխատեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ստանձնեցէք ձեզի բաժին ինկած պատասխանատուութիւնը, որ պատուաբեր պիտի ըլլայ: Պիտի յարգուիք իբրեւ օգտակար անձ: Ուրախ մնացէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կատարեցէք նիւթական ձեր պարտականութիւնները, վճարումները մի՛ մոռնաք, որպէսզի նոր պարտքեր չկուտակուին: Օրը ունի նոր պարտաւորութիւններ, պատրաստ եղէք զանոնք իրագործելու:

Share this Article
CATEGORIES