50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1963)
Համազգայինի «Քնար»
Հայ Երգի Ու Պարի Խումբը
Ձեռնարկներ կան, որոնք արուեստասէր հասարակութեան կողմէ անհամբերութեամբ կը սպասուին: Այդպէս էր համբաւաւոր «Գուսան» երգչախումբի պարագան, երբ մեր մէջ էր մեծ վարպետը` Բարսեղ Կանաչեան ափսո՜ս, որ վարպետին մեկնումով կազմալուծուեցաւ այդ սքանչելի երգչախումբը, որուն միջոցով Կանաչեան ծանօթացուց իր զմայլելի երգերը: Նման անհամբերութեամբ կը սպասուին Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբի ներկայացումները, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Զատկուան հանդիպումները, Պէյրութի միջվարժարանային մարզահանդէսը, որ դժբախտաբար այս տարի տեղի չունեցաւ, բայց բարեբախտաբար փոխարինուեցաւ Թեհրանի «Արարատ»-ի այցելութեան առիթով կազմակերպուած մարզական շաբաթով: Նման ժողովրդականութիւն վայելող ձեռնարկներուն շարքին կարելի է դասել վերջին տարիներս Էշրեֆիէի Համազգայինի «Քնար» հայ ժողովրդական երգ ու պարի խումբին տարեկան ելոյթը: Վերոյիշեալ խումբը- հակառակ համեմատաբար նոր եւ այդ պատճառով իսկ անթերի ըլլալէ հեռու ըլլալուն, ժողովուրդի սրտին մօտ եղած է, որովհետեւ ժողովուրդը անոր մէջէն, անո՛ր միջոցով հայելիէ մը արտացոլացող պատկերի մը նման իր տոհմիկ երաժշտութիւնն ու պարերը տեսած է հարազատ բայց աւելի շքեղ պատկերացումով:
Երգչախումբէ նուագախումբէ եւ պարախումբէ բաղկացեալ այս բազմամբոխ խումբը, որուն կարիքը բազմաթիւ տարիներէ ի վեր զգացած ենք, եւ որ սակայն գոյութեան կրցաւ կոչուիլ միայն այն ատեն, երբ տէր եւ տիկին տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեաններու հմտութիւնն ու զոհողութեան ոգին եւ Էշրեֆիէի Համազգայինի մասնաճիւղին անվերապահ օժանդակութիւնը մէկտեղուեցան իրագործելու համար մեր տոհմիկ երգ ու պարի հարազատ եւ թարմ շունչը մեզի բերող այս խումբին կազմութիւնը: Այս զոհաբերութեան ոգին է, որ փոխանցուած է նաեւ խումբի անդամներուն, եւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է կանգուն պահել այս խումբը: Երկար ամիսներ իրենց գործի ժամերէն դուրս հանգիստի ժամերը յատկացուած են խումբի փորձերուն` յաճախ գողնալով նաեւ գործի ժամերէն այլապէս մեր գաղութահայ պայմաններուն մէջ առանց պետական օժանդակութեան, նման խումբ մը պահել անկարելի էր:
Խումբի հովանաւոր միութեան, ղեկավարներուն եւ անդամներուն զոհաբերութեան միացած է նաեւ «Ազատամարտ» ակումբի վարչութեան բարեացակամութիւնը, որուն շնորհիւ ակումբին սրահը երկար ամիսներ տրամադրուած է խումբի փորձերուն:
Համաձայն խումբի աւանդական սովորութեան, այս տարի եւս խումբը կը ներկայանայ բազմաթիւ նոր երգերով ու պարերով, ճոխ յայտագրով մը, որոնց առաջին ունկնդրութիւնը երաժշտասէր հասարակութեան վստահաբար պիտի պարգեւէ գեղարուեստական վայելք:
Լվովի Հայկական Մայր Եկեղեցին
Լեհաստանի Լվով քաղաքի ամէնէն հին թաղերէն մէկուն մէջ կը գտնուի հայկական մայր եկեղեցին` փառաւոր շքեղութեամբ:
Եկեղեցին կառուցուած է ԺԴ դարուն, հայ ճարտարապետական հին ոճով եւ Անիի եկեղեցիներու ոճին հարազատ ու գեղեցիկ նմոյշներէն մէկն է:
Կը բաղկանայ երեք մասերէ: Իւրաքանչիւրը ուրիշ ժամանակաշրջանի մը կը պատկանի, որոնք, սակայն, ներդաշնակ ամբողջութիւն մը կը կազմեն:
Հնագոյն մասը` եկեղեցիին կողակը եւ դասը, կառուցուած են 1570-ին, կոփածոյ քարերով, Անիի մայր եկեղեցիին նմանողութեամբ:
Կեդրոնական մասը, մինչեւ մուտքի մեծ դուռը, շինուած վերածնութեան ոճով 1630-ին:
Նորագոյն մասը կառուցուած է 1908-ին երբ լեհահայ Յովսէփ արք. Թէոդորովիչ ձեռնարկեց վերաշինութեան գործը:
ԺԸ. դարուն, եկեղեցիին ներքին մասը արդիականացուեցաւ ռոքոքօ ոճի յատկանշական անհաշտութեամբ:
ԺԹ. դարուն Թէոտորովիչ արքեպիսկոպոս քառորդ դար աշխատեցաւ յամառօրէն եկեղեցին օժտելու համար նախկին շքեղութեամբ, ջնջելով Ռոքոքօ ոճը: Եւ վերակառուցուեցաւ իրապէս հրաշալիք մը:
Նիւթական իր լայն աջակցութիւնը բերած է ազգային բարերար Տիրան Քելեկեան:
Աւագ Խորանը, սեղանը, աթոռը, վանդակապատը, ամպիոնը եւ սալայատակումը մարմարէ եւ պրոնզէ են: Նստարանները` յղկուած փայտէ: Մուտքի մեծ դուռը` ոսկեզօծ փայտէ: Գմբէթին մէջ` խճանկարներ: Պատկերազարդ սքանչելիք մը:
Հայ ճարտարապետութեան ամէնէն ծաղկեալ շրջանին ոճը ներկայացնող միակ հրաշակերտն է, որ աշխարհի մէջ կը մնայ ամբողջապէս կանգուն:
Լվով քաղաքը, իր հայկական գեղեցիկ եկեղեցիով, զբօսաշրջութեան կեդրոն դարձած է: Խուռնամբոխ բազմութիւններ ուխտագնացութեան կ՛երթան:
Ուխտագնացութիւն Դէպի Անթիլիաս
Զահլէահայութիւնը ուխտագնացութիւն մը կատարեց Անթիլիասի մայրավանքը: Կիրակի, 9 յունիս 1963-ին, առտուան կանուխ ժամերուն աւելի քան վաթսուն հոգիներէ բաղկացած խումբ մը հաւատացեալ ազգայիններ իրենց ընտանիքներով միասին տասը ինքնաշարժներով Անթիլիաս մեկնեցան: Նախաձեռնութեամբ ԼՕԽաչի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեանց, առաջնորդութեամբ մեր շրջանի Գաւառական ժողովի անդամ Ս. Գասարճեանի:
Խումբը Անթիլիաս ժամանեց ժամը 10:00-ին եւ ներկայ գտնուեցաւ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցող անմահ Ս. պատարագին: Յաւարտ Ս. պատարագին, խումբով ուխտագնացները բոլորուեցան երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի շիրիմին շուրջ եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին: Տամուկ աչքերով խունկ եւ մոմեր վառեցին, հոգւոց կարդացին: Այս տխուր առիթով ներկաները անգամ մը եւս ուխտեցին այս սուրբ շիրիմին վրայ հաւատարիմ զաւակները մնալ հայաստանեան այս փառապանծ անցեալի տէր Ս. Աթոռին:
Յետոյ հաւատացեալ խումբը, տխրութեա՞ն, թէ՞ ուրախութեան կայլակները աչքերուն մէջ, վեհարան բարձրացաւ իր խնդակցութեան եւ երջանկութեան մաղթանքները յայտնելու արժանընտիր նոր վեհափառին: Մեր յարգելի երեսփոխանը քանի մը պատշաճ խօսքեր փոխանակեց նորին սուրբ օծութեան հետ եւ պարզեց այս ուխտագնացութեան նպատակը: Մ. Քէշիշեան ինքնագիր ուղերձ մը կարդաց վեհափառին բարեբաստիկ գահակալութեան առթիւ` արեւշատութիւն մաղթելով:
Վեհափառը, որպէս պատասխան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, քանի մը յուզիչ սրտի խօսքերէ ետք, իր հայրական խրատները եւ օրհնութիւնները տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն եւ իրենց միջոցով Զահլէի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:
Կ. ԹԱՊԱԳԵԱՆ

