Փորձ-Հարցարան. Ի՞նչ Կ՛ըսէ Ձեր Աշխատանքի Սեղանը Ձեր Մասին
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ինչպէս ձեր տան կահոյքն ու յարդարանքը, ձեր աշխատանքի սեղանը եւս շատ բան կը պատմէ ձեր անձին մասին: Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Կը փնտռէք թուղթ մը, որ օր մը առաջ ձեր սեղանին վրայ էր:
ա – անմիջապէս կը գտնէք զայն:
բ – կը յիշէք, որ գրասեղանի աջին, թղթածրարի մը վրայ էր, եւ կը գտնէք զայն:
գ – Կը յիշէք, որ սեղանին աջին գտնուող թղթածրարին վրայ տեսած էիք, բայց… ըստ երեւոյթին տեղը փոխուած է:
2
Ձեր սեղանը առհասարակ`
ա – շատ կոկիկ եւ դասաւորուած է:
բ – քիչ թէ շատ կոկիկ է:
գ – Արշակաւան մըն է…
3
Ի՞նչ բան կարելի է մի՛շտ գտնել ձեր աշխատանքի սեղանին վրայ:
ա – Նոթեր առնելու, գունաւոր կպչուն թուղթեր (Post – it)
բ – տուրմ կամ կրկնեփ,
գ – Հարազատներու նկարներ:
4
Ձեզի համար ձեր գրասեղանը
ա – աշխատանքի տարածք մըն է եւ ամէն ճիգ պէտք է թափել զայն լաւագոյն ձեւով օգտագործելու համար:
բ – Ներշնչումի աղբիւր է:
գ – երկրորդ «տունս» է:
5
Ձեր կարծիքով աշխատանքի սեղան մը պէտք չէ ըլլայ:
ա.- թափթփած, քանի որ ատիկա կը վնասէ աշխատանքի որակին:
բ.- չափազանց կոկիկ, քանի որ կը վնասէ ստեղծագործ միտքին:
գ – կոկիկ, քանի որ ատիկա անկարելի բան մըն է:
6
Հեռաձայնով ձեզի հետ կը խօսին եւ դուք տարուած էք ձեր աշխատանքով:
ա.- խօսակիցէն կը խնդրէք, որ աճապարէ:
բ.- կը ձեւացնէք, որ երկրորդ անձ մը գիծի վրայ է:
գ.- կը սկսիք ձեր թուղթին վրայ խծբծել:
7
Ձեր աշխատանքի սեղանը…
ա.- օրական կը հսկէք եւ փոշին կ՛առնէք
բ.- շաբաթը անգամ մը ընդհանուր մաքրագործում մը կ՛ընէք:
գ.- կը սպասէք, որ «բարեսիրտ» մը գայ եւ ձեռք տայ ձեզի…
8
Յաճախ կը նկատէք, որ`
ա.- ձեր աշխատանքի սեղանը փոքր է եւ բաւարար տեղ չունիք:
բ.- ձեր գրիչները կ՛անհետանան:
գ – տեսակաւոր պիտանի եւ անպէտք թուղթեր կը դիզուին:
9
Ամէն առտու ի՞նչ բան առաջին հերթին կը ստուգէք ձեր գրասեղանին վրայ:
ա.- օրուան ժամանակացոյցը:
բ.- ձեր բացակայութեան արձանագրուած հեռախօսային կապերը:
գ – ձեզի շատ սիրելի բոյսին վիճակը…
10
Ձեր գրասեղանը երբեք չէք երեւակայեր առանց`
ա.- Համակարգիչի
բ.- Օրագիրի եւ գունաւոր գրիչներու:
գ.- փոքրիկ բոյսի մը, գեղօրի մը կամ լուսանկարի մը:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կեանքի մէջ կազմակերպուած եւ կատարելապաշտ անձ էք: «Գործի ժամանակ գործ» այս է ձեր նշանաբանը: Ձեր աշխատանքի սեղանը նաեւ կ՛արտացոլէ ձեր կազմակերպուած միտքը, գործի հանդէպ ձեր լուրջ յանձնառութիւնը եւ բծախնդրութիւնը: Այս իսկ պատճառով ձեր գործերը դժուար թէ կաղան:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, հաճելին օգտակարին միացնող անձ էք: Պզտիկ օրինազանցութիւններ կ՛արտօնէք դուք ձեզի, սակայն գիտէք ձեր սահմանները եւ դժուար թէ ձեր գործը տուժէ, Կեանքի մէջ ձեր գործին գերին չէք, կը սիրէք զայն հաճոյք կ՛առնէք անկէ:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, դժբախտաբար թափթփած անձ էք, եւ այս պատճառով ձեր գործը յաճախ կը տուժէ: Միւս կողմէ, սակայն, արուեստագէտի խառնուածքով եւ ստեղծագործ միտքով շնորհուած էք, սակայն այս յատկութիւնները ձեր գործերը յառաջ չեն տանիր, եթէ որոշ չափով չկազմակերպուիք եւ ժամավաճառ չըլլաք:
Մեր Առօրեան
Դիւրացնող Հնարքներ

1
Գետնախնձորը արագ եփելու համար կեղուեցէ՛ք զայն, ապա դրէք պաղ ջուրով լեցուն խորունկ ամանի մը մէջ, ապուրի դգալ մը քարաղ աւելցուցէք, ամանին երեսը ծածկեցէք կերպընկալով եւ 8 վայրկեան եփեցէք մանրալիքի մէջ:

4
Նախքան խաշած հաւկիթը շերտելը` դանակին շեղբը տաք ջուրին մէջ դրէք եւ յետոյ կտրեցէք. այսպիսով հաւկիթը դանակին չի փակչիր եւ կանոնաւոր շերտեր կը ստանաք:

3
Մանանեխին շիշը բանալէ եւ գործածելէ ետք կիտրոնի շերտ մը դրէք մանանեխին երեսը. այսպիսով անիկա ո՛չ կը չորնայ, ոչ ալ գոյնը կը փոխէ:

6
Մանրալիքը մաքրելու համար սուրճի գաւաթի մը կէսը քացախ լեցուցէք եւ մանրալիքը աշխատցուցէք բարձր աստիճանի վրայ շուրջ մէկ վայրկեան:

5
Որպէսզի բրինձի հատիկները իրարու չփակչին, նախքան եփելը քամոցի մէջ դրէք եւ պաղ ջուրով լաւապէս ցօղուեցէք:

8
Որպէսզի պանիրը երկար դիմանայ, ամանին մէջ կտոր մը շաքար դրէք եւ կափարիչը գոցեցէք: Շաքարը ամանին խոնաւութիւնը պիտի քաշէ:

7
Եթէ փիցա կտրելու յատուկ դանակ չունիք, առէք սովորական դանակ մը, կարագով ծեփեցէք եւ ապա փիցան կտրտեցէք. այսպիսով պանիրը դանակին չի փակչիր:

10
Եթէ խնձորները հինցած են, բայց` ոչ աւրուած, զանոնք մի՛ թափէք, կուտերը մաքրեցէք, կլոր շերտերու վերածեցէք եւ թելէ անցընելով` չորցուցէք: Շատեր պիտի գնահատեն համը:

9
Սառցարանէն ելած սառած պտուղներուն վրայ տաք շաքար ջուր թափեցէք. այսպիսով պտուղները կը պահեն իրենց գեղեցիկ գոյնը:
Խոհագիր
Բանջարեղէնով Ամառնային Փիցա
– 1 ծրար փաթ ֆէօյըթէ պատրաստ խմոր
– 3 ապուրի դգալ մանանեխ
– 2 ապուրի դգալ թարմ սեր
– 15 կեռաս-լոլիկ (թոմաթ սըրիզ)
– 4 դդում
– 1 սմբուկ
– 60 կրամ սնոպար
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 210 ջերմաստիճանով:
Դդումն ու սմբուկը երկայնքին կարելի եղածին չափ բարակ շերտերու վերածել, ապա տապակին մէջ ձէթը տաքցնել եւ զանոնք երկու երեսով 1-2 վայրկեան ձէթին մէջ դարձնել, ապա հանել եւ բաց ամանի մը մէջ շարել:
Պատրաստ խմորը եթէ արդէն բացուած է, չորսի բաժնել, այլապէս նախ գլանով բանալ եւ ապա չորսի բաժնել, զետեղել ափսէներու մէջ եւ պատառաքաղով մը ծակծկել:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել մանանեխն ու սերը, ապա ստացուած խիւսով ծեփել խմորները:
Ծեփուած խմորներուն վրայ շարել բանջարեղէնի շերտերը, եւ փոքրիկ լոլիկները, երեսը աւելցնել սնոպարը եւ ձէթը, աղել, համեմել եւ եփել 20-25 վայրկեան: Սպասել, որպէսզի գաղջ դառնայ, ապա համտեսել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անցած Սէրերի Փո՛ւշն Է Երեւի
Անցած սէրերի փո՛ւշն է երեւի,
Երգող վէրքերի լո՜յսն է երեւի
Ստիպում ապրել…
Չարակամների ցցուած ժանիքն է,
Բարեկամների ձեռքն ու բարիքն է
Ստիպում ապրել:
Հեռաւոր մանկան քաղցր անո՜ւնն է,
Մօտ դաւաճանի թաքնուած թոյնն է
Ստիպում ապրել:
Հին ու նոր այս զարմանալիքն է,
Նորի մէջ ապրող հնի ալիքն է
Ստիպում ապրել,
Եւ ստիպում է ապրել
Գալի՛քը…ԱՆԱՀԻՏ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ



