Գաղութէ Գաղութ
Հայաստանի Հանրապետութեան Տօնին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Թեհրան
*
Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան, Հ. Ուս. «Չարմահալ», Հ. Մ. «Սիփան», Հ. Մ. «Նայիրի» եւ Հ. Մ. «Սարդարապատ» միութիւններու համագործակցութեամբ, 28 մայիսին, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
* Նախաձեռնութեամբ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան, 27 մայիսին հաստատութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Ամփոփ ակնարկ` Սարդարապատի ճակատամարտին» խորագրով: Դասախօսներն էին` Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեան եւ պատմաբան-բանասէր Քաւէ Բայաթ:
Ատրպատական
Մայիս 31-ին Հ.Մ.Ա.կազմակերպութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սթելլա Եղոյեան, որ անդրադարձաւ սոյն տօնախմբութեան ու մայիսեան յաղթանակի դաստիարակիչ ոգիին ու յատկապէս նոր սերունդի համար ունեցած կարեւորութեան:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Կարէն Սարգիսեան, որ ներկայացուց Հայաստանի Ա. անկախութեան ժամանակահատուածի քաղաքական անցքերը` ներկայացնելով մեր ժողովուրդի լինելութեան ու գոյապայքարի ճգնաժամը:
Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց առաջնորդ սրբազանին պատգամը: Ան շեշտեց միասնականութեան ու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որուն որպէս արդիւնք` 600 տարիներու գերութենէ ետք կերտուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը 1918 թուին, եւ որուն բացակայութեան պատճառով կործանեցաւ երկու տարիներ վերջ:
Ռումանիա
Կազմակերպութեամբ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Ռումանիոյ հայոց թեմին եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան, 26 մայիսին Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ:
Պուքրէշի Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի ոգեկոչումին յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում Զօրավար Անդրանիկի յուշարձանին դիմաց:
«Թութեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում, ուր ներկայացուած էին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Ռումանիոյ միջեւ դիւանագիտական գրագրութեան, Պուքրէշի Հայաստանի հիւպատոսութեան կողմէ տրամադրուած անձնագրերու, կեցութեան քարտերու, շրջակայ երկիրներուն մէջ հայկական դիւանագիտական հիմնարկներու արխիւային փաստաթուղթերու եզակի հաւաքածոյ:
Ցուցահանդէսի բացման յաջորդեց ձեռնարկ, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան, Ռումանիոյ տնտեսութեան նախարար, Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան եւ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան: Օրուան բանախօս, գրող եւ լրագրող Վարդան Առաքելեան անդրադարձաւ 1920 թուականին Ռումանիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ Պուքրէշի` Հայաստանի հիւպատոսութեան գործունէութեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Այս առթիւ նաեւ Պուքրէշի «Արարատ» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած էր «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն. 28 մայիս 1918» գրքոյկը:
Յունաստան
Կազմակերպութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին, 26 մայիսին Աթէնքի «Արղոնաւտէ-Կոմնինի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան եւ Յունահայոց ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան: Դեսպանը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ մայիս ամիսը հայ ժողովուրդին համար յաղթական ամիս է, աւելցնելով, որ մեր պապերուն արեամբ շաղախուած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերը դարձան յաջորդ սերունդներու ոգեշնչման անսպառ աղբիւր եւ հնարաւորութիւն ընձեռեցին աւելի քան կէս հազարամեայ ընդմիջումէ ետք վերականգնելու հայոց պետականութիւնը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Չեխիա
Յունիս 1-ին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի քաղաքային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Չեխիոյ եւ Սլովակիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Չեխիոյ հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկաներուն շարքին էին նաեւ Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հայ համայնքներուն հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեանը, երկրի հայ եւ եզիտի համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան անդրադարձաւ 1918 մայիսին տեղի ունեցած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի հերոսամարտերուն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման, ինչպէս նաեւ այդ իրադարձութիւններու պատմական նշանակութեան: Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցաւ Ա. հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին նուիրուած վաւերագրական տեսերիզ, ինչպէս նաեւ Մարթին Մահտալի` Երեւանի նուիրուած կարճ ժապաւէնը:
Միացեալ Նահանգներ
Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէին, 2 յունիսին Կլենտէյլի քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի ատենապետ Աւետիս Շանլեան, որ շեշտեց մայիս 28-ի անկախութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ` խոստանալով վառ պահել անոր պատգամն ու կտակը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր համայնքային երկարամեայ ղեկավար եւ Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան իրագործումները եւ յոյս յայտնեց, որ անոր կտակած ժողովրդավարական եւ ազգային միասնականութեան պատգամները իբրեւ օրինակ կը ծառայեն Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Թեհրան
«Ակունք» Պարախումբի 6-րդ Ելոյթը
Մայիս 2-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի «Ակունք» պարային համոյթը` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Կարինէ Մանուչարեանի:
Բացման խօսքը ՀՕՄ-ի անունով կատարեց Նայիրի Դիլանեան, որ նշեց, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմԷ 2013 տարին «Հայ մօր տարի» հռչակուած ըլլալով` սոյն ելոյթը նուիրուած է հայ մայրերուն:
Այնուհետեւ գերազանց կատարումով ելոյթ ունեցաւ պարախումբը:
Եզրափակիչ ու օրհնութեան խօսքով, Սպահանի թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան վեր առաւ Հայ մօր տարուան նուիրուած սոյն ձեռնարկը:
Ատրպատական
Թաւրիզի Մէջ Կը Բացուի Հայերու
Պատմութեան Թանգարան
Վերջերս, մշակութային ժառանգութեան, գիտական աշխատանքներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թուրապ Մոհամատի յայտարարեց, որ Թաւրիզի մէջ շուտով պիտի բացուի Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ բնակող հայերու պատմութեան թանգարան, ուր պիտի ներկայացուին Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ հայերու` տարբեր ժամանակաշրջաններու ապրելակերպը արտացոլող ցուցանմուշներ: Այդ նպատակով բանակցութիւններ տեղի ունեցած են հայ համայնքին հետ եւ համաձայնութիւն գոյացած է Թաւրիզի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հաւաքուած ցուցանմուշները թանգարանին յանձնելու մասին:
Թանգարանը պիտի բացուի հայկական «Ասատի» դպրոցի շէնքին մէջ, որ 115-ամեայ պատմութիւն ունի եւ պատմական յուշարձան կը նկատուի:
Հաւաքուած ցուցանմուշներէն ամէնէն հինը աւելի քան 500 տարուան անցեալ ունի:
Ներկայիս շէնքին մէջ վերանորոգման աշխատանքներ կը կատարուին:
Պուլկարիա
Վառնայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Կատարուեցաւ
Հայ Շրջանաւարտներու Օրհնութեան Կարգ
Յունիս 2-ին Վառնայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ ու անմահ պատարագ` կատարողութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւ Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեանի:
Իր քարոզին մէջ ան անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հիմնադրման, անոր ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան, նշելով, որ այս տօնին խորհուրդը իրականանայ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ:
Պատարագին ներկայ էին նաեւ այս տարուան հայ շրջանաւարտները: Աւարտին, Վառնայի հայ համայնքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու օրհնութեան կարգ:
Միացեալ Նահանգներ
«Ցեղասպանութեան Որբերը» Ժապաւէնը
Ցուցադրուեցաւ «Փի. Պի. Էս.» Կայանէն
Վերջերս Հայոց ցեղասպանութենէն որբացած հարիւր հազարաւորներու նուիրուած «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական շարժապատկերը առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ Ֆրեզնոյի «Վելի Փի.Պի.Էս.» հանրային պատկերասփիւռի կայանէն:
Ժապաւէնը իրականացաւ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու աջակցութեամբ:
Ցուցադրութիւնը մաս կը կազմէր կայանի դրամահաւաքի արշաւին: Ներկայացնողն էր «Օսքար»-ի արժանացած «Տի արթիսթ» ժապաւէնի դերակատարներէն Քեն Դաւիթեան:
«Արմենոյտ» ընկերութեան արտադրած ժապաւէնը պատրաստուած է շրջանային 4 «Կրեմի» մրցանակներու տիրացած Պարէտ Մարոնեանի կողմէ հիմնուած պատմական արխիւներու, հարցազրոյցներու, յուշերու եւ վկայութեանց վրայ:
«Արմենոյտ» ընկերութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայութեան, որ իրենց շրջանի հանրային պատկերասփիւռի կայաններուն հետ կապ հաստատելով` խնդրեն, որ ժապաւէնը նաեւ իրենց շրջաններուն մէջ ցուցադրուի:
Համազգայինի Համախմբում
Մայիս 4-ին, Պոսթընի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի «Յովնանեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Համազգայինի երրորդ համախմբումը, որ նուիրուած էր Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին:
Շրջանային վարչութեան անունով Արա Նազարեան արտասանեց հանդիսութեան բացման խօսքը: Ապա ելոյթ ունեցան բեմադրիչ Էրիք Նազարեան եւ Երեւանի համալսարանի դասախօս տոքթ. Թովմաս Սամուէլեան, որ «Սքայփ»-ի միջոցով Երեւանէն ուղղակիօրէն փոխանցեց իր խօսքը:
Ապա կատարուեցաւ «Թէօլէօլեան» գրական մրցանակներու բաշխում: Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեաններու յիշատակին հիմնուած այս մրցանակը ներկայացուց անոնց զաւակը` Խաչիկ Թէօլէօլեան:
Նշենք, թէ Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի անտառները» գործը հայերէնէ անգլերէնի թարգմանած Քրիսթոֆ Ադամեան շահած էր մրցանակը: Համազգայինը յատուկ մրցանակներ յանձնեց Ուաթըրթաունի Հայկական թանգարան-գրադարանի պատասխանատուներ Կերի եւ Սուզըն Լինտ Սինանեաններուն, Արա Ղազարեանցին (Արլինկթընի Հայ մշակութային կեդրոն), Աստղիկ Սեւակին (Նիւ Եորքի Համազգայինի անդամ) եւ Արա Սարգսեանին (յօրինող, երաժիշտ եւ դաշնակահար):
Հանդիսութեան աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Աննա Մայիլեան» եռեակը, որ ներկայացուց հայրենի երգերու փունջ մը` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լուսինէ Գրիգորեանի:
72 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Հաւաքուի
«Սահակ–Մեսրոպ»-ի Տարեկան 3-րդ Ճաշկերոյթին
Մայիս 5-ին «Փալատիօ» սրահէն ներս ճաշկերոյթով մը նշուեցաւ «Սահակ-Մեսրոպ» Հայ քրիստոնեայ վարժարանի 33-րդ տարեդարձը:
Ճաշկերոյթի յանձնախումբին անունով Սօսի Աստուրեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շեշտեց, թէ վարժարանը աննկուն կամքով եւ զօրաւոր հաւատքով 33 տարիներ շարունակ կրցած է դիմագրաւել դժուարութիւններ` շարունակելով ջամբել հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութիւն:
Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց օրուան պատգամաբեր իրաւաբան Կարօ Ղազարեանին խօսքը: Ան յայտնեց իր հպարտութիւնը` իբրեւ հայ ազգի պատկանող անձ մը եւ ներշնչեց ներկաները, որ բարձր պահեն իրենց հայ ոգին, հաւատքը, սէրը եւ յոյսը` հանդէպ Աստուծոյ եւ հայ ազգին` վեր պահելով նաեւ հայկական դպրոցին կարեւորութիւնն ու դերը:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեան:
Բարերարներու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն գումարն էր 72 հազար ամերիկեան տոլար:
Ամերիկահայ Ականաւոր Գործիչ Վարդան Գրեգորեան
Արժանացած Է Հայաստանի Հանրապետութեան
Նախագահի «Մխիթար Գօշ» Մետալին
Մայիս 16-ին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահին կողմէ շնորհուած «Մխիթար Գօշ» մետալի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը` Նիւ Եորքի «Քառնըկի» հիմնարկի նախագահ, ամերիկահայ ականաւոր գործիչ Վարդան Գրեգորեանի` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին եւ երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան համար:
Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան խօսք առնելով` բարձր գնահատեց Վարդան Գրեգորեանին գործունէութիւնը ամերիկեան հասարակական-կրթական ոլորտին եւ հայ համայնքի կեանքին մէջ` նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Վարդան Գրեգորեանին շնորհուած պետական պարգեւը անոր նուաճումներուն, աւանդին եւ հայանպաստ գործունէութեան արժանի գնահատականն է:
Իր կարգին Վարդան Գրեգորեան իր երախտագիտութեան խօսքին մէջ նշեց, որ բազմաթիւ պարգեւներու եւ մետալներու շարքին այս մէկը կը գրաւէ առանձնայատուկ տեղ, որովհետեւ անիկա իր անկախ եւ ինքնիշխան հայրենիքին պարգեւն է:
Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ներկայացուցիչ Վիգէն արք. Հայկազեան եւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչները:

