Համբարձման Տօնակատարութիւն
Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տիկնանց վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը` յարգելու համար Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման օրը:
Մայիս 15-ին կիներու եւ օրիորդներու հոծ բազմութիւն մը համախմբուած էին այս առիթով: Ատենապետին բացման խօսքէն ետք ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Յայտագիրը բաւական ճոխ էր. Համբարձման երգերով նուագախումբը բարձրացուց տրամադրութիւնները: Վիճակաձգութեամբ իւրաքանչիւրս ստացանք հաճելի նուէրներ: Յայտագիրին երկրորդ բաժինով կատարուեցան նուիրատուութիւններ` գոհացուցիչ հասոյթ մը ապահովելով միութեան:
Շնորհաւորելի է նուիրատուներու այս գիտակցութիւնը` միութեան հանդէպ: Ծաւալուն գործունէութիւն կը մաղթենք վարչութեան կազմին:
Յայտագիրին երրորդ բաժինով իրենց երկարամեայ աշխատանքին համար վարչութենէն չորս անձեր պարգեւատրուեցան: Նշենք, որ Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնը կը հոգայ Ուրֆայի կարիքաւոր ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակներու բարձրագոյն ուսումը: Յաջողութիւն կը մաղթենք յառաջիկայ տարիներու համար:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

