Արդին Պիտի Ըլլայ Վերադա՞րձ Վաչկատուն Կեանքի Եւ Անհայրենիք Մշակոյթի
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Նոր ժամանակի մէջ նետուած ենք եւ կամայ-ակամայ քայլ կը պահենք: Չպահենք, կը ճզմուինք: Կը կարդայի Ժաք Աթալիի գիրքը, «Հակիրճ պատմութիւն մը ապագայի»*, երբ Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը տեղեկացուց, որ կը դադրեցնէ իր տպագիր հրատարակութիւնը եւ պիտի շարունակէ լոյս տեսնել միայն համացանցային եղանակով: Ցրուումը եւ առաքման ծախսերը գրեթէ անյաղթահարելի դարձած են ամէնուրեք:
Մտածեցի: Այդ առաքինութիւնն է միայն, որ չէ խափանուած:
2113-ին, դար մը ետք, պատմաբան մը, կամ գրասէր մը, եթէ ուզեն գիտնալ, թէ ի՞նչ կը մտածէին եւ կ՛ըսէին Քանատայի հայերը, ո՞ր գրադարանին մէջ պիտի գտնեն վաղուան «Հորիզոն»-ի թիւերը: Այս օրերուն Թորոնթոյէն մտաւորական հայ կին մը կը փորձէ կազմել այդ քաղաքին մէջ ապրած եւ ապրող «գրողներ»-ու վկայարանը: Դար մը ետք համակարգչային սալիկները կրնան փճացած ըլլալ կամ անոնց ընթերցման համար ծրագիրները ժամանակավրէպ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի վերագտնուի անցեալը: Գիտենք, որ մեզի հասած են ձեռագիր ժառանգութիւնը` Պղատոնի, Մարկոս Աւրելիոսի, Եզնիկ Կողբացիի, Նարեկացիի, տպագրուած էջերը` Եղիա Տեմիրճիպաշեանի, Աբովեանի, Ալիշանի, Վարուժանի եւ բիւրաւոր ուրիշներու: Անոնց գիրքերը, նոյնիսկ հնաբոյր գրադարաններու մէջ, տեւած են եւ կը տեւեն:
Ճիշդ է, որ համացանցը անմիջական եւ անսահման կարելիութիւններ կը ստեղծէ, բայց անոնք, ինչպէս կ’ըսուի ընդհանրացած եզրով, virtual են, խաբուսիկ են, կը յայտնուին եւ անմիջապէս կը կորսուին համակարգիչին առջեւ նստած անձին տեսադաշտէն, երբ ան կ’ոստոստէ կոճակ սեղմելով, այլ բան փնտռելով: Գրուած էջին հետ հաստատուած կամ հաստատուելիք մտերմութիւնը կը փոխարինուի հետաքրքրութեամբ, Հայաստան կ’ըսեն` հետաքրքրասիրութեամբ, մակերեսայնութեամբ: Թերեւս այդ լաւ է ծանուցողական նպատակներու կամ քաղաքական անսանձ քարոզչութեան համար:
Բայց ինչպէ՞ս կարելի է Պղատոն, Աստուածաշունչ, Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց»-ը, Ֆրետերիք Նիցչէ կամ Ժան-Փոլ Սարթր կարդալ հանրակառքին մէջ: Այս ժառանգութիւնը սպասման սենեակին մէջ կարդացուելիք «մակազին» կամ ոստիկանական վէպերու ծաղկաքաղ չէ:
Լիբանանի մէջ դպրոց մը որդեգրած է բոլոր դասագիրքերը ելեկտրոնային տախտակներու վրայ զետեղելու եղանակը: Աշակերտները թուղթի, մատիտի, տպագրուած գիրքերու եւ ծանր կշռող դպրոցական պայուսակներու պէտք պիտի չունենան: Հաւանօրէն օր մըն ալ իրենց դասերուն պիտի կարենան հետեւիլ տունը նստած, կամ` երբ իրենց ծնողներուն հետ գացած են Մումպայ կամ Շանկհայ: Ուսում ջամբելէ անդին, ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ դաստիարակութիւնը, որ կը յատկանշուի մարդկային յարաբերութիւններով, սերնդակիցներու եւ ուսուցիչին հետ, քննելի խնդիր է: Աշակերտը պիտի դառնայ մենակեաց վաչկատուն, կարծէք` արդէն բաւարար չափով անհատապաշտ չըլլայինք:
Համացանցի վրայ կը շրջի անսանձ եւ գրեթէ հեռագրական տեղեկատուութիւնը, դրական եւ բացասական, նաեւ` անորակ, որ կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը` անկարելի դարձնելով խորացումը եւ դատումը:
Այս կարգի հարցերու դէմ կանգնած էի, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց ուշադրութեան չարժանացող կամ սեղմ շրջանակի մէջ մնացող երեւոյթ մը: Մտածեցի, որ գիր-գրականութեան եւ ընդհանրապէս մշակոյթի վերականգնումը երբ «գագաթ»-էն չի գար, մարդկային եւ ազգային տեսիլք ունեցող «շարքայինններ» կրնան նախաձեռնել եւ հաւանօրէն կը յաջողին ճամբայ հարթել խորքի եւ հեռանկարներու աջեւ:
Գիր-գրականութիւնը հանդիսութիւններու ընթացքին թնդացող բաժակաճառ չէ, որ կը գինովնայ կողքով: Ան մթնոլորտ է, ուր իրարու կը հանդիպին արմատները, ինքնութիւնը, ստեղծագործական աւիշը եւ «խելացի մրջիւններ»-ը, որոնք հանդիսացած են միշտ ապագայ կերտողները: Երբ անվաղորդայն հերոսութիւններու համար համացանցի վրայ կ’աղմկենք, յաճախ անորակ աղմուկ մը, դեռ պահակներ կան, ամէն տարիքի, որոնք գիտեն, թէ մարդեղութեան դարպասը խօսքն է, աստուածաշնչական ԲԱՆ-ը, այսինքն` գիրը, գրականութիւնը, գիրքը:
Երբ շատեր իրենց հօր կամ մեծհօր գրադարանի հայերէն գիրքերը փողոց կը թափեն կամ գրադարան մը կը փնտռեն հոն ղրկելու համար այդ լոյսի ծրարները, իսկ ուրիշներ ստապատիր արդարացման համար հարց կու տան, որ «այս գիրքերուն ֆրանսերէնները, անգլերէնները, սպաներէնները, արաբերէնները, ռուսերէնները կամ թրքերէնները չկա՞ն», երկու տասնամեակ ետք Զոլուլենտի ծագումով հայեր հարց պիտի տան, թէ անոնց զուլուերէնները չկա՞ն, հայ տղաք կան, հայ ուսուցիչներ, հայկական վարժարաններ եւ հայկական տպարաններ, որոնք որոշած են զինաթափ չըլլալ, վասն հացի եւ լաւ ապրելու երազանքի` չստրկանալ: Հայերէնով գիրքեր լոյս կը տեսնեն, նոր օրերու անհեթութիւնը կը լսենք` «նուէր տրուելու համար», կամ համագործակցութիւններ կը ստեղծուին, որպէսզի «նորահաս սերունդը» գիրք սիրէ եւ մասնակից ըլլայ գիրքի պատրաստութեան: Այս հաւանօրէն իսկական փոքրամասնութիւն «նորահաս սերունդը» չի գոհանար տեղի-անտեղի բռունցքը վեր առնելով կամ «թամ-թամ»-ային աղմուկով պարելով եւ գետին տոփելով:
Վերջին ամիսներուն քանի մը անգամ յիշեցի Յակոբ Օշականի այն խօսքը, որ` ԳԻՐՔԸ ԱՒԵԼԻ Կ’ԱՊՐԻ ՔԱՆ ՄԱՐՄԱՐԸ… Եթէ մեր ճառերը, քարոզները, խմբագրականները եւ այլ բարոյախօսութիւնները սկսէինք օշականեան բնաբանով, մեր վաղը նախատեսուածէն լաւ կ’ըլլար… Այդ յաւելեալ կեանքին համար զօրաշարժ պէտք էր, պէտք է: Բայց զօրաշարժի համար կոչ ընող պէտք է, նաեւ` պայմանները ստեղծող, շրջանակը ճշդող, առաջնորդող: Կացութիւնը այնպէս է, որ երբեմն կ’ուրախանանք պզտիկ բաներով: Գրասեղանիս վրայ կան երկու գիրք-պրակներ. Համազգայինի հրատարակչականի «Գիրքի պատրաստութեան մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու»: Այս անուանումը շատ բան պիտի չըսէ ընթերցողին: Ի վերջոյ անբնական չէ չհասկնալ: Վարժարանները գիրքով կը շնչեն, բայց գիրքը կը պատրաստուի այլ տեղ, ուրիշներու կողմէ:
Նկատի ունենալով, որ գիրքը շատերու հետաքրքրութեան սահմաններէն դուրս մնացած է` իր տեղը տալով մեր կեանքէն ներս համակարգիչ-համացանցի լսուող-տեսնուող-անհետացող ներխուժման, գիրքը ուզած են փոխադրել դպրոցներէն ներս, ոչ որպէս աւարտուն գործ միայն, այլ նաեւ` ստեղծագործական: Տարրական մանկավարժութիւն է. մարդիկ, մեծ թէ փոքր, կը սիրեն եւ կը կառչին այն գործին, որ իրենցմով տեղի կ’ունենայ:
Հայկական վարժարաններու աշակերտներուն գիրք կազմելու ճաշակ տրուած է: Այս կազմութիւնը կազմարարի գործ չէ, այլ` գիրքի պատրաստութիւն, որ կը նշանակէ գրութիւն եւ բովանդակութիւն: Կազմուածը հայերէն գիրք է, գերանցումով զանազան ապիկար եւ ապաշնորհ գործապաշտութիւններու, որոնք կը կրկնուին սրճարանը, սափրիչին խանութը, նաեւ ընտանիքներու մէջ, եւ երբեմն ալ` ծնողական ժողովներու: Որպէս անհատապաշտութեան գերագոյն պատգամ կը յայտարարուի, որ գիրքը փոր չի կշտացներ, մանաւանդ` հայերէն գիրքը, որ ճիշդ է նոյնինքն այդ գործնապաշտներու տեղատուութեան մեղքով: Եւ կ’աճի օտար վարժարաններու հոգիով եւ մարմինով յանձնուող հայածնունդ տղոց համրանքը:
Նախաձեռնութիւն մը: Հայ տղոց խմբակներ աշխատած են գիրք կազմելու համար: Յուսատու քայլ մը:
Ֆրանսացիները կ’ըսեն` «ենթադրելով, որ կը շարունակուի». Pourvu que ça dure…
6 յունիս 2013, Պիքֆայա
* Une brève histoire de l’avenir, Jacques Attali, Ed. Fayard, 2006, pp. 428

