Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մնալ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու եւ իտէալներու աննկուն առաքեալը, համահայկական մտածողութեան առաջընթաց ջահակիրը, ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը. իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը»:
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Չորեքշաբթի, 12 յունիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացուեցաւ եւ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը` Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ: Սոյն ժողովը չորս տարին անգամ մը կը գումարուի, արժեւորում կը կատարէ անցնող շրջանի գործունէութեան եւ միաբանութենէն ու թեմերէն ընտրուած պատգամաւորներու աշխուժ մասնակցութեամբ նոր ուղիներ կ՛որոնէ Ս. աթոռի գործունէութիւնը առաւել աշխուժացնելու համար` ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կեանքի ծաղկումին:
Բացման նիստին, յետ դիւանի ընտրութեան եւ օրակարգի ու ժամանակացոյցի որդեգրման, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ ժողովուրդի սպասումներուն` ըսելով. «Մեծ ակնկալութիւններ ունի մեր ժողովուրդը դարաւոր այս Ս. աթոռէն: Չենք կրնար, իրաւունք չունինք անտեսելու մեր ժողովուրդին տակաւ աճող կարիքներն ու սպասումները: Չենք կրնար, իրաւունք չունինք լուռ ու անտարբեր մնալու մեր ժողովուրդը յուզող տեղական կամ համահայկական խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ»: Ապա, վեհափառ հայրապետը գլխաւոր երեք կէտերու անդրադարձաւ.
1) Սփիւռքը վերակազմակերպել եւ վերակենսաւորել:
2) Երիտասարդութիւնը շաղախել մեր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով:
3) Պահանջատիրական պայքարին նոր որակ եւ ուժականութիւն տալ:
Սփիւռքը վերակազմակերպելու եւ վերակենսաւորելու մասին խօսելով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Սփիւռքի կազմակերպման եւ գոյատեւման մէջ ճակատագրական եղաւ դերը եկեղեցւոյ. նո՛յնը պէտք է ըլլայ այսօ՛ր սփիւռքի վերակազմակերպման եւ վերակենսաւորման մէջ: Մեր թեմական կառոյցները եւ յատկապէս մեր ծուխերը, որոնք կը կազմեն հիմքը թեմի կամ գաղութի կեանքին, պէտք է դուրս գան իրենց ներամփոփ գոյավիճակէն ու ինքնակեդրոն գործունէութենէն` աւետարանչական ու դաստիարակչական առաքելութիւնը եւ ազգային ծառայութիւնը դարձնելով իրենց առաքելութեան մղիչ ուժը»:
Երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու հարցին անդրադառնալով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը մեր կեանքին` կը նշանակէ մեր համայնական կեանքը կազմող կառոյցներու երիտասարդացում, անոնց մօտեցումներուն մասնագիտականացում եւ անոնց գործելակերպերուն ու գործունէութեան վերանորոգում: Անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ կաղապարուած տեսակէտներէ, զմռսուած մտածողութենէ, սոսկ եղածը պահելու մտավախութենէն եւ մեր կեանքը վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու կամքով շաղախուած եւ տեսիլքով զսպանակուած ընթացք մը ճշդել: Երիտասարդութեան դերը ճշդորոշիչ է այս գծով»:
Իր պատգամին վերջին բաժինով վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ պահանջատիրութեան անհրաժեշտութեան, եւ մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած դերին, եւ հաստատում կատարելով ըսաւ. «Ցեղասպանութիւնը ապրած եւ իր կաթողիկոսական կայքէն աքսորուած ծերունազարդ Սահակ կաթողիկոս հայ ժողովուրդի կեանքի ամէնէն ողբերգական պայմաններուն մէջ իր պահանջատիրական ձայնը բարձրացուց: Նո՛յնը կատարեցին իրեն յաջորդող մեր հայրապետները: Նո՛յնը պիտի շարունակենք կատարել Մե՛նք` յանուն իրաւազրկուած մեր ժողովուրդին ու իր սրբազան դատին:
Իր ժողովուրդի մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, պայքարին ու պահանջատիրութեան հետ ինքզինք նոյնացուցած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ մնալ` վերանորոգ հաւատքով, նուիրումով ու տեսիլքով,
Հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներու ու իտէալներու աննկուն առաքեալը,
Համահայկական մտածողութեան յառաջընթաց ջահակիրը,
Ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը.
Իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը»:
Ժողովի երկրորդ նիստը յատկացուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի ատենագրութեան ներկայացման` տեսապնակի ճամբով, որ ամփոփ գիծերու մէջ տեսալսողական միջոցով պատկերացում տուաւ անցնող քառամեակին կատարուած աշխատանքներու մասին. տեղեկութիւնները քաղուած էին աւելի քան 150 էջերէ բաղկացած ընդարձակ տեղեկագիրէն: Ապա, յաջորդական երկու նիստերով տեղի ունեցաւ քննարկումը սոյն տեղեկագիրին: Արտայայտուած գաղափարներն ու արծարծուած մտածումները կը միտէին կրօնական դաստիարակութեան զարկ տալ` նախանձախնդրութեամբ մօտենալով մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն, յատկապէս որոնելու համար միջոցներ` երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու: Ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ ու բացատրութիւններ տրուեցան սկզբունքով յառաջիկայ սեպտեմբերին Ս. Էջմիածինի մէջ երկու գահակալներու` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուելիք Եպիսկոպոսական ժողովին մասին:
Ժողովը դրականօրէն արտայայտուեցաւ այն բոլոր աշխատանքներուն մասին, որոնք հայ եկեղեցին կը բանան օտարներուն` ծանօթացնելով մեր արժէքները, յատկապէս միջեկեղեցական յարաբերութեանց կալուածին մէջ:
Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, Էջմիածին-Անթիլիաս փոխյարաբերութեան, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, հայ երիտասարդութեան նկատմամբ հոգածութեան, հայ յարանուանութեանց հետ յարաբերութեանց եւ իւրաքանչիւր տարին կաթողիկոսութեան կողմէ յատուկ լուսարձակի տակ բերելու աշխատանքները դրական որակուեցան` հակառակ սահմանափակ մարդուժին եւ նիւթական համեստ պայմաններուն:
Օրուան վերջին նիստը յատկացուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի ատենագրութեան ներկայացման` տեսապնակի ճամբով, որ ամփոփ գիծերու մէջ տեսալսողական միջոցով պատկերացում տուաւ անցնող քառամեակին կատարուած աշխատանքներու մասին. տեղեկութիւնները քաղուած էին մօտ 140 էջերէ բաղկացած ընդարձակ տեղեկագիրէն:
Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն եւս Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

