«Հըզպալլայի Եւ Իրանի Յաջորդ Թիրախը Հալէպն Է» Կ՛ըսէ Ֆապիւս

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական բանակին երկրին հիւսիսը գտնուող Հալէպի ուղղութեամբ յառաջխաղացքը պէտք է կասեցնել»` զգուշացնելով, որ «ատիկա կրնայ յանգեցնել այն բանին, որ սուրիական ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պոյքոթի ենթարկէ»: «Պէտք է կարենանք կասեցնել այս յառաջխաղացքը դէպի Հալէպ, որ Հըզպալլայի եւ իրանցիներուն յաջորդ թիրախն է», ընդգծեց Ֆապիւս:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը պէտք է վերահաստատել, որովհետեւ եթէ գետնի վրայ հաւասարակշռութիւն չհաստատուեցաւ, սուրիական տագնապի լուծումի քննարկման Ժընեւի խորհրդաժողովը պիտի չգումարուի, որովհետեւ ընդդիմութիւնը պիտի չընդունի ներկայ գտնուիլ»: Ան նշեց, որ «անցնող շաբաթներուն ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերը, մասնաւորաբար Հըզպալլան եւ իրանցիները ռուսական զէնքերով յաջողեցան լայն տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատել»:

Ֆապիւս նշեց, որ սուրիական ընդդիմութեան պէտք է զէնք մատակարարել` աւելցնելով, որ «պէտք է յարգել եւրոպական օրէնքները, ըստ որոնց, 1 օգոստոսէն սկսեալ կարելի է զէնքի մատակարարման սկսիլ, եւ մինչեւ հիմա չորոշեցինք»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ նշեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը մօտ օրէն Ժընեւի մէջ նախատեսուած միջազգային խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան ընթացքին պիտի հիմնուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական լուծման նախաձեռնութեան վրայ, մասնաւորաբար բռնարարքներու դադրեցման եւ անկէ բխող մասնակիցներուն յանձնառութեանց, ներառեալ` սահմաններու հսկողութեան, ինչպէս նաեւ լրատուութեան, ֆինանսաւորման, զէնքի մատակարարման եւ դրդումի դադրեցման սկզբունքներուն վրայ»:

Մըքտատ ընդգծեց, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ Իրանի` «Ժընեւ-2»-ին իբրեւ «հարցի լուծումը ուզող եւ ոչ թէ հարցին մաս կազմող» խմբակ մասնակցիլը: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիա երբեք մտահոգ չէ Ռուսիոյ հետ բոլոր մարզերուն մէջ տիրող յարաբերութիւններէն, ներառեալ` անոնք, որոնք կը վերաբերին զէնքի մատակարարման, ինչ որ «սուրիական կառավարութիւնը անքննարկելի իրաւունք մը կը նկատէ»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «իր երկրի զինուորները Սուրիա մարտնչելու պիտի չուղարկէ, մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիական ընդդիմութեան հաւանական զինման շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ»:

«Հակառակ անոր որ բոլոր ընտրանքները տակաւին սեղանի վրայ են, սակայն Օպամա յստակ դարձուց, որ չի նախատեսեր կացութիւն մը, երբ Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ ամերիկացիներ պիտի գտնուին», ըսաւ Քառնի:

Ան նաեւ յայտնեց, որ «Էֆ-16» օդանաւերը եւ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռները կը պաշտպանեն մեր տարեկան ռազմափորձերը: Ատիկա կապուած չէ Սուրիոյ կամ Սուրիոյ վերաբերեալ առաջարկուած գործողութիւններուն հետ»: Ան աւելցուց, որ «Անձկալից առիւծ» ռազմափորձը կը կրէ տարեկան բնոյթ եւ Սուրիոյ դէպքերուն հետ կապ չունի:

«Պրուքինկզ» հիմնարկի փոխնախագահ, նախկին դեսպան Մարթին Ինտիք յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պէտք է սուրիացի ընդդիմադիրները զինէ, որովհետեւ վարչակարգը ներկայիս կրնայ զանոնք ռազմավարական պարտութեան մատնել, եթէ չզինուին, ինչ որ Ուաշինկթընի հասած ապտակ մը կը նշանակէ, մասնաւորաբար գետնի վրայ կռիւներուն Հըզպալլայի եւ Իրանի միջամտութենէն ետք»: Ան ընդգծեց, որ զինման հետեւանքները շատ աւելի մեծ են, քան նախապէս, որովհետեւ քաղաքական որեւէ լուծում գետնի վրայ կացութենէն կախեալ է, եւ եթէ այդ կացութիւնը ի նպաստ վարչակարգին է, ապա իսկական փոխանցման հանգրուանի մը նկատմամբ հետաքրքրութիւն պիտի չցուցաբերէ:

Ինտիք ըսաւ, որ «եթէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը չփոխուի, ապա Ասատ կարողութիւնը ունի ըմբոստները ռազմավարական պարտութեան մատնելու, թէեւ պիտի չկարենայ իր իշխանութիւնը ամբողջ երկրին վրայ տարածել»:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Ժընեւ-2»-ի սկզբունքային թուականը 8 յուլիսը պիտի ըլլայ, սակայն վերջնական թուականը պիտի ճշդուի 25 յունիսին` Ժընեւի մէջ նախատեսուած Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ եռակողմ հանդիպումին ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES