Էրտողան Հանդիպում Ունեցաւ Ցուցարարներու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Թուրքիոյ մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն 13-րդ օրը, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցաւ ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու համար անոնց պահանջները: Երէկ ժամը 4:00-ին սկսած հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք, կենսոլորտի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Էրտողան Պայրաքթար եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք:
Ցուցարարներու ներկայացուցիչներն էին դերասան Ահմեթ Միւմթազ Թայլան, ակադեմականներ Պենթիւլ Թանպայ եւ Հալէ Չըրաճը, արուեստագէտ Քութլուղ Աթաման, ուսանող Նիլ Էյիւպօղլու, ազատ լրագրող Ռումէյսա Քիկեր, ճարտարապետ Սելվա Կիւրտողան, ընկերային լրատուամիջոցներու մասնագէտ Զեհրա Էօնէյ, հրատարակիչ Զիւլֆիքար Քիւրիւմ, ակադեմական Իփեք Աքփընար եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Պիւլենթ Փեքեր:
70 ընկերակցութիւններու աջակցութեամբ կազմուած «Թաքսիմի միասնական ծրագիր» կազմակերպութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կազմակերպութենէն ոեւէ ներկայացուցիչ վարչապետին հետ հանդիպումին չէ հրաւիրուած` աւելցնելով, որ այնքան ատեն, որ Կեզի այգիի շրջանին մէջ «ոստիկանութեան բռնարարքները» կը շարունակուին, այսպիսի հանդիպումներ ապարդիւն պիտի մնան:
Նշենք, որ Էրտողան ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն առաջ ցոյցերու հարցը քննարկելու համար իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինի ժողովի մը հրաւիրեց:
Կիւլ Կոչ Կ՛ուղղէ
Երկխօսութիւն Կատարելու
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին կոչ ուղղեց քաղաքական կուսակցութեանց ղեկավարներու ժողով մը հրաւիրելու` քննարկելու համար ցոյցերուն հարցը:
Կիւլ մերժեց անոր առաջարկը եւ փոխարէնը կոչ ուղղեց «օրինական» ցուցարարներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն նշեց, որ անոնք, որոնք փողոց իջած են բիրտ ցոյցեր կատարելու, տարբեր հարց են: «Եթէ մարդիկ առարկութիւններ ունին… ապա այդ մարդոց հետ երկխօսութիւն կատարելը եւ իրենց ըսելիքներուն ականջ տալը մեր պարտաւորութիւնն է», ըսաւ ան:
«Անոնք, որոնք բռնարարքներ կը գործեն, այլ հարց են, եւ զանոնք պէտք է զատորոշենք… բռնարարքներուն առիթ պէտք չէ տալ… ասիկա Նիւ Եորքի մէջ պիտի չարտօնուէր, ասիկա Պերլինի մէջ պիտի չարտօնուէր», ըսաւ ան:
Միջազգային Կեցուածքներ
Սպիտակ տունը մտահոգութիւն յայտնեց ազատ խօսքի իրաւունքը կիրարկող անհատներու պատժուելուն համար եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան ու ցուցարարներուն միջեւ երկխօսութեան: Սպիտակ տան բանբեր Քէյթլին Հայտըն յայտնեց, որ «Թուրքիոյ դէպքերուն կը շարունակենք մտահոգութեամբ հետեւիլ եւ մեր հետաքրքրութիւնը կը շարունակէ մնալ աջակցիլը խօսքի եւ հաւաքի ազատութեան, ներառեալ` խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքը: Կը հաւատանք, որ Թուրքիոյ երկարատեւ կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը լաւագոյն ձեւով կ՛երաշխաւորուին խօսքի, համախմբումի, ընկերակցութեան ազատութեամբ եւ ազատ ու անկախ լրատուամիջոցներով: Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու սերտ գործընկեր մըն է, եւ թրքական իշխանութիւններէն կը սպասենք, որ հիմնարար ազատութիւնները պաշտպանեն», ըսաւ ան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց հանդարտութեան եւ հաւաքներ կատարելու ազատութիւնը յարգելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը: «Բողոքի ցոյցերը պէտք է խաղաղ ըլլան եւ հաւաքի ու խօսքի ազատութիւնները պէտք է յարգուին, որովհետեւ անոնք ժողովրդավարական պետութեան մը հիմնարար սկզբունքներն են», ըսաւ Քի Մունի բանբեր Մարթին Նեսիրսքի:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ յայտնեց, որ Թաքսիմի ցոյցերուն նկարները «ցնցիչ են»: «Վարչապետ Էրտողանէն կը սպասենք, որ կացութիւնը հանդարտեցնէ` եւրոպական արժեչափերու ոգիէն մեկնելով, եւ կարծիքներու շինիչ փոխանակումի եւ խաղաղ երկխօսութեան ձգտի», ընդգծեց Վեսթերֆելէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ կարելի չէ «Արաբական գարնան» օրինակով «Թրքական գարնան» մը մասին խօսիլ, որովհետեւ պարագաները տարբեր են, «որովհետեւ Թուրքիա տնտեսական աճ կ՛արձանագրէ, ինչպէս նաեւ Էրտողանի կառավարութիւնը ժողովրդավարական հոլովոյթի միջոցով ընտրուեցաւ, եւ ասիկա Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կամ Թունուզի նախկին նախագահ Զէյնել Ապիտին պեն Ալիի պարագային տեղի չունեցաւ»: «Ժողովրդավարական երկրի մը մէջ պէտք է երկխօսութիւն կատարել եւ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ այս պահանջեց», ըսաւ ան:
Իշխող Կուսակցութեան Բանբերը
Կը Քննադատէ «Սի.Էն.Էն.»-ն Ու
«Պի.Պի.Սի.»-ն
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք յայտնեց, որ «Սի.Էն.Էն.» եւ «Պի.Պի.Սի.» (ցոյցերը) ցոյց տուաւ այնպէս մը, որ կարծէք հարիւրաւորներու յուղարկաւորութիւն ըլլային անոնք: Պաշշար Ասատ իր ժողովուրդը կը ջարդէ, սակայն Սուրիոյ անդրադարձ չկայ», ըսաւ Չելիք:

