Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Խալետ Զահրամանը, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս Թրիփոլիի կացութիւնը: Զահրաման զօրակցութիւն յայտնեց երկրին ապահովութեան ամրապնդման առումով բանակին ի գործ դրած ջանքերուն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Թուրքիա, ուր քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը, ապա վերադարձաւ Պէյրութ: Նշենք, որ երէկ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ Պէյրութի բրիտանական դեսպանատան միջեւ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ այցելելէ ետք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի յայտնեց, որ Քուսէյրի ճակատամարտը վճռորոշ կը նկատուի Լիբանանի պաշտպանութեան առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ քաղաքական որոշ կողմերու միջամտութիւնը անդամալուծած է Սահմանադրական խորհուրդին գործունէութիւնը: Ան շեշտեց, որ Լիբանան վտանգաւոր կացութեան մատնուած է Հըզպալլայի ուղղուածութեան պատճառով: Ժահժահ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ վարչապետ Թամմամ Սալամին անյապաղ կազմելու երկրին կառավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ ինք իբրեւ հիմք կը զօրակցի լիբանանեան պետութեան որդեգրած «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին ճիգերը` արգիլելու համար գրգռութիւններն ու սադրանքները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածեն լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը խանգարելու բոլոր փորձերը: Միւս կողմէ, Շարպել ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ռաատ Ալլուսին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԻ մէջ լիբանանեան դեսպանատան դիմաց կատարուած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին հրկիզուած են Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի լուսանկարները: Նշենք, որ ցոյցին ընթացքին ցուցարարները բողոքած են Քուսէյրի կռիւներուն Հըզպալլայի միջամտութեան դէմ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ ընդունեց երեսփոխան Միշել Ֆարաոնը, որ յայտնեց, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով շօշափելի աշխատանք կայ եւ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կարելի է կառավարութեան կազմ մը յայտարարել:

ԻՏԱԼԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Էմմա Պոնինօ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէպքերուն Հըզպալլայի միջամուխ ըլլալը:

ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի դէմ Ծոցի երկիրներուն որդեգրելիք արտաքին միջոցառումները անոր ցաւ պիտի պատճառեն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Քուէյթի մէջ լիբանանցիներուն դէմ ոչ մէկ քայլ պիտի առնուի եւ ոչ մէկ լիբանանցի Քուէյթէն դուրս պիտի վտարուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախապէս իրենք Պքերքէի կը վստահէին, սակայն Պքերքէ այլեւս քրիստոնեաներու խղճին ձայնը չի ներկայացներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը անոր յատուկ ռազմավարութեամբ չէ եղած:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային խաղին Սահմանադրական խորհուրդին մեղսակցութիւնը կը նշանակէ անոր ձախողութիւնը իբրեւ երրորդ իշխանութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէպքերուն Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը ծանր հարուած մը հասցուցած է լիբանանեան ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան եւ ազգային ուխտին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այս հանգրուանին Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը Լիբանանի համար անձնասպանական գործողութիւն կը նկատեն:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պետական պաշտօնատար մը խստիւ դատապարտած է Սուրիոյ դէպքերուն Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան:

Share this Article
CATEGORIES