Սինիորա. «Հըզպալլա Սուրիոյ Հարցերուն Միջամուխ Դարձաւ Արձանագրելու Համար Յաղթանակներ, Որոնք Իր Հաշուոյն Ջախջախիչ Պարտութիւններ Կը Նկատուին»
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Պիել»-ի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպած խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան յայտնեց, թէ Հըզպալլա ոչ միայն իր շահերը, այլեւ` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը բախտախաղի կը վերածէ:
Ան հարց տուաւ Հըզպալլայի, որ արդեօք Երուսաղէմի ճամբան Քուսէյրէ՞ն կ՛անցնի:
Սինիորա շեշտեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ հարցերուն միջամուխ դարձած է յաղթանակներ արձանագրելու նպատակով` աւելցնելով, որ այդ «յաղթանակները» Հըզպալլայի իսկ հաշուոյն ջախջախիչ պարտութիւններ կը նկատուին:
Սինիորա հաստատեց, որ ժողովրդավարական երկրի մը մէջ ապրող ուժ մը պէտք է ըստ այնմ գործէ:
CATEGORIES Լիբանանեան


