Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը Կը Դատապարտէ Արսալի Ռմբակոծումը

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ կողմէ Արսալի ռմբակոծումը:

Հաղորդագրութեան մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին կոչ ուղղուեցաւ Արաբական լիկային եւ ՄԱԿ-ին բողոքագիր մը յղելու եւ իմացնելու Արսալի ռմբակոծումին մասին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանեան պատկանելիութիւն կուսակցութեան ուսանողական թեւի նախագահ Հաշեմ Սալման ամբողջ Լիբանանին նահատակն է:

Հաղորդագրութիւնը կարդաց Մուսթաքպալ պլոքի անդամ, երեսփոխան Ամմար Հուրի, որ յայտնեց, թէ Սալման սպաննուած է ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին աչքին դիմաց` ընդգծելով, որ այդ ուժերը ոչ մէկ քայլի դիմած են` պաշտպանելու համար անցեալ կիրակի օր իրանեան դեսպանատան մօտակայքը ցոյց կատարող երիտասարդները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES