Սահմանադրական Խորհուրդը Դարձեալ Չկրցաւ Գումարել Իր Նիստը
Սահմանադրական խորհուրդը երէկ դարձեալ չկրցաւ գումարել իր նիստը` խորհուրդին անդամ 3 դատաւորներու բացակայութեան պատճառով:
Խորհուրդի անդամ նոյն դատաւորները` երկու շիի` Մոհամետ Պասսամ Մուրթատա եւ Ահմետ Սաֆիէտտին եւ մէկ տիւրզի` Սուհել Ապտել Սամատ բացակայեցան նիստէն:
Սահմանադրական խորհուրդի անդամ դատաւոր Անթուան Խէյր յայտնեց, որ խորհուրդին նիստերը բաց պիտի մնան, մինչեւ որ կարելի ըլլայ որոշում տալ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու վիճարկումին մասին:
Միւս կողմէ, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնին առջեւ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին պատահածը:
Ցուցարարները զօրակցութիւն յայտնեցին Սահմանադրական խորհուրդին եւ մերժեցին անոր վրայ բանեցուած ճնշումները:
Սահմանադրական խորհուրդը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 18 յունիսին:

