Նախարար Սապունճեան Մեծարեց Լրագրողները

Լրագրողներուն ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթէն պահ մը

Լիբանանեան ճարտարարուեստի օրուան առիթով, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ մեծարեց լիբանանցի լրագրողները, որոնց ի պատիւ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը` «Մանտալուն սիւր մեր» ճաշարանին մէջ:

Իր խօսքին մէջ Վ. Սապունճեան ողջունեց լրագրողները` զանոնք կոչելով չորրորդ իշխանութեան ներկայացուցիչներ:

Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի մարզը խոստմնալից է եւ կ՛ուղղուի դէպի արդիականացում եւ բարգաւաճում:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը մնայուն կերպով իրենց ներդրումը կ՛ունենան երկրին տնտեսական զարթօնքին մէջ եւ հակառակ երկրին ու շրջանին դիմագրաւած դժուար ու վտանգաւոր կացութեան, աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու յոյսով զինուած կը գործեն:

Share this Article
CATEGORIES