Պըրրի. «Սահմանադրական Խորհուրդի Նիստէն Բացակայողներուն Կեցուածքը Կը Բխի Սադրանքները Կանխարգիլելու Անոնց Յանձնառութենէն»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց Սահմանադրական խորհուրդին նիստը առկախելու հարցը:

Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին նիստէն բացակայող դատաւորներուն կեցուածքը կը բխի Լիբանանի մէջ սադրանքները կանխարգիլելու անոնց յանձնառութենէն:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Քուսէյրի ճակատամարտը իր ազդեցութիւնները պիտի ունենայ տարբեր մակարդակներու վրայ, յատկապէս քաղաքական առումով:

Պըրրի նշեց սակայն, որ հակառակ այդ փոփոխութիւններուն, կարգ մը լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ պիտի մնան իրենց նոյն մտայնութեամբ` հիմնուելով «Նոյնիսկ եթէ թռչի, այծ է» ժողովրդային առածին վրայ:

Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց իսլամութեան գծով` նկատի ունենալով անոր պարզած ներկայ իրավիճակը: Ան շեշտեց, որ արաբականութեան նկատմամբ ինք մտավախութիւն չունի, որովհետեւ դժբախտաբար անիկա վերջ գտած է:

 

Share this Article
CATEGORIES