Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Սալամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն ցարդ արձանագրած արդիւնքները:
Քննարկուեցան նաեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումը եւ անոր դէմ ներկայացուած վիճարկումն ու այդ իմաստով Սահմանադրական խորհուրդին տալիք որոշումը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ:
Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


