Ալիեւ Եւ Լեֆոր Քննարկեցին Ղարաբաղեան Հոլովոյթին Հեռանկարները

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման մասնակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայի վիճակին եւ  հեռանկարներուն առնչուող հարցերուն շուրջ:

Մօտ երկու շաբաթ առաջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը Երեւանի մէջ կը գտնուէր, ուր զայն ընդունեցին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES