«Որոտանի Ջրային Համակարգը Էական Նշանակութիւն Ունի Հայաստանի Տնտեսութեան Համար» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ընթացքին 2012 թուականի պիւտճէի կատարողականի քննարկումներուն շրջագիծին մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարը իրավիճակին չի տիրապետեր եւ Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նիստին ընթացքին սխալ ու կեղծ տեղեկութիւններ հաղորդած է Որոտանի ջրային համակարգի վերաբերեալ: Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, Որոտանի ջրային համակարգը 2006-2007 թուականներուն ընդունուած մասնաւորեցման ծրագիրէն հանուած է, մինչդեռ ուժանիւթի նախարարը Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ Ազգային ժողովը կը մասնաւորեցնէ համակարգը` ներառելով ընկերութիւնը մասնաւորեցման ծրագիրին մէջ:
Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ ելեկտրականութեան սակագինը վերատեսութեան ենթարկելէ ետք Որոտանի ջրային համակարգը գերշահութաբեր ձեռնարկութիւն կը դառնայ, որուն մասնաւորեցումը վնաս է պետութեան:
Արծուիկ Մինասեան տեղեկացուց, որ Որոտանի քասքատը 405 մեկաուաթ հզօրութիւն ունի, ինչ որ հիւլէական կայանի հզօրութեան կէսն է, ու ընդհանրապէս` այդ համակարգը էական նշանակութիւն ունի Հայաստանի տնտեսութեան համար:


