«Ի՞նչ Կ՛ընէ Կառավարութիւնը Պռօշեանի Մէջ Մթնոլորտը Լիցքաթափելու Համար» Հարց Կու Տայ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ուղղուած հարցում-պատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան երէկ հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՞նչ կը կատարուի` Պռօշեանի մէջ լարուած մթնոլորտը լիցքաթափելու համար: «2 ապրիլին դաւադրաբար սպաննուեցաւ Պռօշեանի գիւղապետը, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանը: Յետոյ պղծեցին Ազատամարտիկներու յուշարձանը, գիւղի կեդրոնին մէջ հայհոյանքներ գրեցին զոհուածի հասցէին: Կ՛ընթանայ նախաքննութիւն: Թէ՛ հանրութիւնը, թէ՛ մենք համբերատար կը սպասենք իրաւապահ մարմիններու բացայայտման: Սակայն որոշ ուժեր կը փորձեն լարել Պռօշեանի` առանց այդ ալ գերլարուած մթնոլորտը», յայտարարեց Վարդանեան եւ նշեց, որ շուտով գիւղին մէջ նոր ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ:

Ըստ անոր, մինչ այդ Կոտայքի մարզպետը գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակած է կին մը, որուն պռօշեանցիները չեն ընդունած` ունենալով իրական մտահոգութիւն, որ այդ անձին նշանակումը աւելի պիտի սրէ վիճակը:

«Մարզպետը կ՛ըսէ` ես իմ իրաւասութիւններուս շրջագիծին մէջ ընդամէնը կատարած եմ իմ պարտաւորութիւններս եւ ոեւէ մէկուն հետ պիտի չհամաձայնեցնէի: Յարգելի՛ կառավարութիւն, մենք մեր գիւղերը գիտենք, գիտենք` ինչ վիճակ կը տիրէ Պռօշեանի մէջ, վստահ եմ` մարզպետն ալ գիտէ: Ինչո՞ւ յատուկ կը գրգռենք մարդիկը, ի՞նչ կ՛ուզենք ապացուցել: Պարտադի՞ր է, որ պարտաւորութեան կատարումը անպայման ծառայէ դժգոհութեան մեծացման: Քի՞չ են դժգոհութեան օճախները: Կը կրկնեմ` այդ գիւղին մէջ 14 յուլիսին ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Ի՞նչ կ՛ընէք, որ պռօշեանցիները ստանան զիրենք յուզող հարցերուն պատասխանը, որ ոչ թէ սրուի, այլ մեղմանայ մթնոլորտը», հարց տուաւ  դաշնակցական պատգամաւորը:

Տարածքային կառավարման նախարար, փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան վստահեցուց, որ մարզպետ Կովալենկօ Շահգալդեան գործած է օրէնքի սահմաններուն մէջ, եւ օրէնքը կ՛ենթադրէ, որ մարզպետը կրնայ նշանակել համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար: Գէորգեան յայտնեց, որ զրուցած է մարզպետին հետ, որ պնդած է, թէ ճիշդ ընտրութիւն կատարած է: «Դուք հիմա կը բնութագրէք մարդու մը, որուն չէք ճանչնար», ընդգծեց ան: Փոխվարչապետը նշեց, որ բոլորը պէտք է առաջնորդուին ոչ թէ ցանկութիւններով, այլ օրէնքի տառով: «Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` զսպուածութիւն դրսեւորելու, որպէսզի համայնքին մէջ տեղի ունենան բնական ընտրութիւններ», յայտնեց ան:

Աղուան Վարդանեանն ալ նշեց, որ եթէ գիւղը դէմ է, պէտք չէ ըսել, որ ատիկա օրէնքի տառին համապատասխան է: Ան տեղեկացուց, որ գիւղացիները մարզպետէն խնդրած են մինչեւ ընտրութիւնները նշանակել չէզոք մարդ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES