Վարդան Մինասեանի Կատարած Յայտարարութիւնը` Դանիա – Հայաստան Մրցումէն Ետք
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէջը երէկ հրապարակեց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանի կատարած յայտարարութիւնը` Դանիա – Հայաստան մրցումէն ետք: Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Եւրոպայի գօտի, Բ. խմբակ), աւարտեցաւ հայրենի կազմին ջախջախիչ յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով:
Ստորեւ` այդ մամլոյ ասուլիսը.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ փոխուեցաւ Հայաստանի մօտ` Մալթայի խաղէն ետք:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հոգեբանութիւնը: Այդ պարտութենէն ետք ընկճուածութիւն կար, բայց Դանիոյ դէմ մենք տեսանք այն հաւաքականը, զոր վարժուած ենք տեսնել: Այս արդիւնքը պատահականութիւն չէր:
Հ.- Անակնկա՞լ էր այս արդիւնքը ձեզի համար:
Պ.- Հաշիւը այո, բայց մրցումը` ոչ: Ես չեմ կեդրոնանար հաշիւին վրայ: Ինծի համար կարեւորը ցուցադրուած խաղն է եւ արդիւնքը:
Հ.- Մարտավարութիւնը սկիզբէ՞ն ընտրած էիք, թէ՞ արագ կոլը փոխեց ծրագիրները:
Պ.- Սկիզբէն այսպիսի մարտավարութիւն ընտրած էինք: Պէտք էր պաշտպանուիլ եւ հակայարձակումներու ժամանակ փորձել օգտագործել ազատ տարածութիւնները: Դժուարը առաջին կոլն էր, զոր շատ շուտով նշանակեցինք:
Հ.- Հայաստան յոյս ունի՞ ապահովելու Պրազիլի տոմս մը:
Պ.- Հայաստան պիտի պայքարի իւրաքանչիւր մրցումի յաղթելու համար: Եթէ այդ մէկը իրագործենք, կրնանք շատ լաւ արդիւնքի հասնիլ:
Հ.- Այս մրցումէն ետք այժմ կրնա՞ք ըսել, որ Մալթայի դէմ մրցումին արձանագրուածը պատահականութիւն էր:
Պ.- Իմ կարծիքովս, պատահականութիւններ երբեք չեն ըլլար:
Հ.- Հայաստանի կազմին մէջ արդեօք ո՞վ էր լաւագոյնը:
Պ.- Ատիկա չեմ կրնար ըսել: Դուք որոշեցէք:

