Արձագանգներ` Դանիա – Հայաստան Մրցումէն
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Քոփենհակընի մէջ 4-0 արդիւնքով ջախջախեց դաշտին տէրը` Դանիան, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Բ. խմբակին մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այս մրցումին մասին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքէջին մէջ գրուած է. «Հայաստան ապշեցուց Քոփենհակընը: Հակառակ նախորդ մրցումին, ուր հայերը անսպասելի կերպով զիջեցան Մալթայէն, այս անգամ Վարդան Մինասեան փոխած էր ամբողջ մարտավարութիւնը: Հայերը «Փարքեր» մարզադաշտին մէջ իրենք զիրենք բաւական վստահ կը զգային: Թէեւ երկրորդ կոլէն ետք Մորթըն Օլսըն փորձեց փոփոխութիւններու միջոցով փոխել մրցումին ընթացքը, սակայն հիւրերը արդէն իսկ անկարելի էր կասեցնել»:
Իսկ անգլիական ESPN կայքը ըսաւ. «Հայաստան նուաստացուց Դանիան: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յաղթանակը` Դանիոյ նկատմամբ, մրցակիցի դաշտին վրայ, ոչնչացուց դաշտին տիրոջ յոյսերը` 2014-ի Մոնտիալի աւարտականներուն հասնելու առումով»:
Անիկա եզրափակեց ըսելով, որ այս մրցումէն ետք այնպէս կը թուի, որ երկրորդ դիրքին համար պիտի պայքարին Պուլկարիա եւ Չեխիա:
Իսկ Դանիոյ մարզիչ Մորթըն Օլսըն championat.com կայքէջին ըսած է. «Չեմ կրնար այս մրցումին շուրջ վերլուծում կատարել: Միակ բանը, որ կրնամ ըսել, այն է, որ ես եմ այս պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուն: Հայաստանի հաւաքականին հետ այս հանդիպումը իմ արհեստավարժ ասպարէզիս վատագոյն խաղն էր: Կը դժուարանամ որեւէ բան ըսել այս մրցումին մասին»:
Իսկ հայազգի Քիմ Քարտաշեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հիացմունքով արտայայտուելով արձանագրուած այս յաղթանակին ըսած է. «Յառաջ Հայաստան: Դիտեցի՞ք, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի հաւաքականը 4-0 արդիւնքով ջախջախեց Դանիան: Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան երազը ցարդ չէ մարած»:

