Նամականի

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Առ որ անկ է
Փրկենք «Փթիթ»-ը

Սիրելի՛ հայրենակից,

Քանի մը շաբաթ ետք պիտի դադրի հրատարակուելէ «Փթիթ» մանկապատանեկան ամսագիրը` լոյս ընծայելէ ետք իր տասներորդ թիւը, որով սպառած պիտի ըլլան հրատարակիչներուն` Աբրահամեան ամոլի նիւթական բոլոր միջոցները` մինչեւ վերջին դահեկանը կլանած ըլլալէ ետք անոնց յետին խնայողութիւնները:

«Փփիթ»-ը իր տեսակին եւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ այն եզակի հրատարակութիւնն էր եւ է, որ արժանի էր ու մնաց մանկապատանեկան կոչումի բոլոր բարեմասնութիւններուն, հոն, ուր նոյն նպատակով ու շռնդալից յայտարարութիւններով ճամբայ ելած ուրիշ  հրատարակութիւններ, թէկուզ օժտուած նիւթական շատ աւելի նպաստաւոր  պայմաններով, անվաղորդայն ձախողեցան մեր բոլորիս աչքերուն առջեւ:

«Փթիթ»-ի խափանումը մեր բոլորիս` ամբողջ սփիւռքահայութեան,- իր հոգեւոր թէ աշխարհիկ բոլո՛ր ներկայացուցչութիւններու,-  պարտութիւնն է, բայց նաեւ` մեղքը: Հաւաքական յանցագործութիւն է անոր հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը, որմէ ետք աշխարհիկ եւ հոգեւոր ոչ մէկ ղեկավար այլեւս իրաւունք  պիտի ունենայ   խօսելու հայեցի դաստիարակութենէ, հայապահպանումէ, արեւմտահայերէնի հոգեվարքէ, թէկուզ` Հայ դատէ. այո՛, հաւաքականութիւն մը, որ չի գիտեր գնահատել այսքան փայլուն նախաձեռնութիւն մը եւ չի գտներ զայն ոտքի պահելու այնքան համեստ միջոցները, այլեւս իրաւունք չունի ոչ մէկ  հեռանկար փայփայելու:  Թուղթէ դղեակներ են  այն բոլոր նիւթական շէնքերը, որ կը փորձենք բարձրացնել` ի գին անհաշիւ միլիոններու, մինչ անդին կը զլանանք այնքան  համեստ ներդրում մը` նիւթական անհամեմատօրէն աւելի համեստ, բայց շօշափելի ու խոստմնալից ձեռնարկի մը:  Որով այլեւս անօգուտ են այն այլազան մեկենասութիւններն ու բարերարութիւնները եւս, որոնք այնքան առատօրէն կը շռայլուին այլուր:

Տակաւին ժամանակ կայ շրջելու եւ հաւաքական անկեղծ ու ճիշդ նպատակաուղղուած ճիգով մը փրկելու կացութիւնը, եւ պէ՛տք է փրկել զայն, մանաւանդ որ շատ համեստ են կարիքները` սփիւռքի հասողութեան սահմաններուն մէջ, մանաւանդ համեստ են իրե՛նք` հրատարակիչները: Տա՛նք անոնց նիւթական  այդ տարրական միջոցները, փրկե՛նք զիրենք  այդ մնայուն ու մաշեցնող  հնհնուքէն` փոխարէնը քաղելու համար այնքան օգտակար թերթի մը բոլոր բարիքները, որոնց հանապազօր պէտք ունին սփիւռքահայ մօտաւոր ու հեռաւոր բոլոր մանուկներն ու պատանիները, եւ ոչ միայն. այլեւ` ամէն հայ ա՛նխտիր:

Միայն թէ լա՛ւ հասկնանք կացութիւնը. պարագայական նուիրատուութիւններու, այլ խօսքով` դրամահաւաքի, հանգանակութեան ու մանաւանդ ողորմութեան կոչ մը չէ այս: Ակնկալուածը պատասխանատուութեան խորագոյն գիտակցութեամբ կատարուելիք` մնայուն եւ ճիշդ մտածուած կարգադրութիւն մըն  է, որով Աբրահամեան ամոլը այսուհետեւ զերծ կը կացուցուի նիւթական ամէն հոգէ, որպէսզի  ան  առաւելագոյնս նուիրուի այս  ազնիւ ու պատուաբեր գործին:

Աբրահամեան ամոլի ել-հասցէն` [email protected]

Շնորհակալութիւն`

Share this Article
CATEGORIES