ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հրատարակութիւններու Եւ Քարոզչական Իրերու Ցուցադրութեան Առիթով

Զաւարեան ուսանողական միութեան առաքելութեան հիմնական մասը կը կազմէ իր անդամներուն եւ հանրութեան գաղափարական-քաղաքական զարգացումը: Այս առաքելութիւնը կ՛արտայայտուի ԶՈՄ-ի դաստիարակչական քարոզչական ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ` անոր կատարած քաղաքական-գաղափարական գիրքերու եւ յօդուածներու հրատարակութեամբ ու տարածումով: ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ, 1904-ին, Սիմոն Զաւարեանի հրահանգով Պէյրութի ամերիկեան համալսարան կը հասնին աւելի քան 100 գիրքեր, որոնք սեփականութիւնը կը դառնան հայ ուսանողութեան եւ կ՛ապահովեն անոնց քաղաքական-մտաւորական զարգացումը:

Գաղութի կազմակերպման շրջանէն ետք, 1944-1945, ԶՈՄ-ը «Ազդակ»-ի մէջ կը սկսի հրատարակել «Զաւարեանական սիւնակ»-ը, որ 1969-էն սկսեալ կը վերածուի «Զաւարեանական Էջ»-ի, ուր լոյս կը տեսնեն զաւարեանականներու քաղաքական-գաղափարական եւ ազգային յօդուածները: Այս յօդուածները առիթ կը հանդիսանան յօդուածագիրին, որ որոշ պրպտումներէ ետք գրի առնէ իր քաղաքական- գաղափարական մտածումները,  ընթերցողին հետ կիսէ իր ազգային-ընկերային մտահոգութիւնները եւ յաճախ մատնանշէ հարցեր, որոնք մնացած են լուսանցքայնացած: Այսպէս, Զաւարեան ուսանողական  միութիւնը կը հաւատայ, որ յօդուածագրութիւնը զարգացման կարեւոր ազդակ է յօդուածագրին ինչպէս նաեւ ընթերցող հանրութեան համար:

1969-1970 թուականներու աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք` լոյս կը տեսնեն «Զաւարեան մատենաշար»-ի հատորները: Այս գիրքերու հրատարակութեան նպատակը պարզ էր. յեղափոխական ու քաղաքական կարեւորագոյն գիրքերը մատչելի դարձնել հայ ուսանողութեան եւ այդպիսով անոնց քաղաքական զարգացումը ապահովել:

Այս հրատարակութիւններուն կողքին, 1979-ին կը սկսի լոյս տենել օտարալեզու «Zavarian Monthly»-ին, որ 1983-էն ետք կը գործէ «Zavarian Review» անուան տակ: Այս հրատարակութիւններու նպատակն էր հայութիւնն ու Հայ դատը ներկայացնել օտար հանրութեան:

Նշենք նաեւ, որ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ունեցած է յատուկ պարագաներու եւ կացութիւններու համար պատրաստուած հայալեզու թէ օտարալեզու հրատարակութիւններ:

Արդէն պարզ է, թէ Զաւարեան ուսանողական միութեան աշխատանքներուն անբաժան մասը կը կազմեն ու պիտի շարունակեն  կազմել հրատարակչական-քարոզչական աշխատանքները: Որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան առաքելութեան մաս կը կազմէ անոր անդամներուն ճիշդ քաղաքականացումը եւ անոնց քաղաքական գաղափարական եւ մտաւոր զարգացումը: Հետեւաբար, իբրեւ ՀՅԴ-ի ուսանողական միութիւն, մեր նպատակն է այդ քաղաքականացումը ապահովել թէ՛ մեր մօտ եւ թէ՛ մեր հանրութեան մօտ: Այսօր երիտասարդ յօդուածագիրի թիւի պակասը, ինչպէս նաեւ ընթերցասէր հանրութեան թիւի անկումը կը դժուարացնեն այս աշխատանքները: Այս իսկ պատճառներով վերջին շրջանին ԶՈՄ-ը սկսած է ունենալ «Զաւարեանական էջ-»ի եւ «Review»-ի ելեկտրոնային տարբերակները, ինչպէս նաեւ` Զաւարեան մատենաշարի հատորներու թուայնացած տարբերակը, որոնք արդէն կը գտնուին ԶՈՄ-ի կայքէջին մէջ:

Կը հաւատանք, թէ քաղաքական մտքի զարգացումը պիտի մնայ մարդու զարգացման կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք մեր հանրութեան` զարկ տալու իրենց եւ իրենց զաւակներուն քաղաքական-գաղափարական զարգացման: Հարկ է նշել, որ քաղաքական զարգացումը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ ինքնազարգացման ճամբով, բայց նկատի ունենալով, որ կ՛ապրինք համաշխարհայնացման, մեքենաներու տիրապետութեան ու մարդու ստրկութեան դարաշրջանը, բնականաբար երիտասարդութիւնը յաճախ հեռու պիտի մնայ քաղաքական-մտաւոր զարգացումէ: Հետեւաբար այստեղ մեծ գործ վստահուած է մեր դպրոցներուն, որոնք պէտք է խթանեն իրենց աշակերտներուն քաղաքական- գաղափարական զարգացումը` ըլլայ այդ կրթական համակարգին մէջ փոփոխութիւններ յառաջացնելով, կամ` գտնելու ձեւեր, որպէսզի յատկապէս երկրորդական կարգերու աշակերտները արդէն իսկ սկսին հետաքրքրուիլ գաղափարական-քաղաքական գիրքերով, ուսումնասիրութեամբ ու յօդուածագրութեամբ: Այսպիսով իրենց մէջ կը սկսի պատրաստուիլ քաղաքական մտքի շաղախը:

* * *

Այստեղ կը ներկայացնենք ԶՈՄ-ի կողմէ լոյս տեսած հրատարակութիւններու ժամանակագրական կարգով ցանկը` միաժամանակ յայտարարելով, թէ սոյն արխիւները ուսումնասիրութիւններու համար բաց են հանրութեան: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Զաւարեան ուսանողական միութեան:

«Զաւարեանական Սիւնակ» (1944 – 1952)
«Զաւարեան Պրակ» (1961-1962, 5 թիւեր), (1967, 2 թիւեր), (1969, 1 թիւ)
«Մեհեան» պարբերաթերթ (1969)
Ազդակ օրաթերթի մէջ «Զաւարեանական էջ»-ի աւելի քան 450 թիւեր (1969-էն մինչեւ օրս)
«2001» պարբերաթերթի 9 թիւեր (1970 – 1971)
Zavarian Monthly-ի 11 թիւեր (1979-էն 1982)
Zavarian Review-ի 51 եռալեզու թիւեր (1982-էն 2010)
«Minorities in Turkey» (1985)
«Քատիա ուամուագըֆ» (1986)
Հայաստանի Հանրապետութեան 75-ամեակի առիթով արաբերէն լեզուով գրքոյկ (1993)
ԶՈՄ-ի 90-ամեակը նշող արաբերէն լեզուով պրակ (1994)
«The Armenian Genocide 1915-The First Genocide of the Twentieth Century»(1995)
Արցախեան Ազատամարտի տասնամեակին նուիրուած գրքոյկ, ԼԵՄ-ի հետ գործակցաբար (1998)
ԶՈՄ-ի 95-ամեակի Պրակ (1999)
Լիբանանահայ Աշակերտը Համալսարանի Սեմին (2002)
Սիմոն Զաւարեանի նուիրուած Պրակ (2003)
University Guide (2003)
Լիբանանահայ Ուսանողին Ազգային Յանձնառութիւնը (2003)
«ԽՌՈՎՔ» (Զաւարեանական Էջի բացառիկ)
Հայրենադարձութիւն Առաջին թիւ (2007)
Կրթութիւն, Երկրորդ թիւ (2009)
Zavarian E-Review-ի 4 թիւեր (2010-էն 2013)

Բացի վերոյիշեալ հրատարակութիւններէն, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը ունի իր յատուկ մատենաշարը` «Զաւարեան Մատենաշար».-

(Ա. շրջան) թիւ 1 «Յեղափոխականի մտքերը» Քրիստափոր Միքայէլեան
(Ա. շրջան) թիւ 2 «ի՞նչ է ազգութիւնը» Գարեգին Խաժակ
(Ա. շրջան) թիւ 3 «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան» Լեւոն Շանթ
(Ա. շրջան) թիւ 4 «Ազգ եւ հայրենիք» Յովհաննէս Քաջազնունի
(Ա. շրջան) թիւ 5 «ի՞նչ է դասակարգը» Գարեգին Խաժակ
(Ա. շրջան) թիւ 6 «Քաղաքապետի մը յիշատակները» Ալեքսանտր Խատիսեան
(Բ. շրջան) թիւ 1 (7) «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտը»
(Բ. շրջան) թիւ 2 (8) «Մէկ դար` բռունցքով պահանջատիրութեան»
(Բ. շրջան) թիւ 3 (9) «ԶՈՄ-ի 100-ամեակ»
(Գ. շրջան) թիւ 1 (10) «Հ.Յ.Դ. պատմութիւն 1898-1908 (Բ. հատոր)» Աշոտ Ներսիսեան

Ծանօթ.- Զաւարեան մատենաշարի գրքերու թուայնացած տարբերակները կարելի է գտնել pdf. տիպով, ԶՈՄ-ի հետեւեալ կայքէջին վրայ` www.zavarian.org

Վերջապէս նշենք որ, մօտ օրէն լոյս կը տեսնեն.-

«ԽՌՈՎՔ»-ի երրորդ թիւ, «Լուսանցքային մնացած ազգային հիմնախնդիրներ»

«Հ.Յ.Դ. պատմութիւն 1908-1918 (Գ. Հատոր)» Աշոտ Ներսիսեան

 

Share this Article
CATEGORIES