«Անթիլիասի Հզօրութիւնը Իր Ծառայութեան Մէջն Է» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ազգային ընդհանուր ժողովի գումարման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 13 յունիս 2013-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, Պիքֆայայի դպրեվանքի շրջափակին մէջ ելոյթ ունեցաւ` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի եւ դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեանի ընկերակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր հայ մօր, մեկնելով վեհափառ հայրապետին 2013 տարին հայ մօր նուիրած ըլլալու իրողութենէն: Միաժամանակ նաեւ դպրեվանքի 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումն ալ կատարուեցաւ: Համերգին ու ամավերջի հանդէսին ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր, Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներ եւ մշակութասէր բազմութիւն մը:
Համերգը սկսաւ Մակար Եկմալեանի «Հայր մեր»-ով, որուն անմիջապէս յաջորդեց դպրեվանքի քայլերգի երգեցողութիւնը: Ապա հերթաբար ներկաներուն հրամցուեցան փունջ մը մայրերու նուիրուած երգեր, որոնք կատարուեցան «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներուն կողմէ` հաւաքաբար եւ մեներգաբար: Համերգի ընթացքին հանդէս եկան նաեւ, ջութակով` Ճենտերեճեան եղբայրները, ասմունքով` Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանը եւ կիթառով` Մկրտիչ Միքայէլեան:
Համերգի ընթացքին, դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ իր շնորհաւորանքը յայտնեց դպրեվանքի աւարտական դասարանի չորս սարկաւագներուն:
Աւարտական սարկաւագներուն անունով ուղերձ կարդաց Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան, որ անդրադառնալէ ետք անցնող ութ տարիներուն ընթացքին դպրեվանքին մէջ իրենց ստացած հոգեմտաւոր կրթութեան ու ուսումին, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին իր տածած յատուկ հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին:
Համերգի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով կեդրոնացաւ համերգի բնոյթին վրայ եւ անդրադառնալով հայ մօր ըսաւ. «Մարդկային կեանքին մէջ տարբեր է մանաւա՛նդ հայ մայրը, իր ինքնութեամբ, իր վարքագիծով եւ կոչումով: Մենք կը սպասենք ու կը պահանջենք, որ միշտ ա՛յսպէս ըլլայ ու մնայ հայ մայրը, իր ինքնութեամբ, վարքագիծով ու իր կեանքի տիպարով: Հայ մայրը իր կոչումին բարձր գիտակցութեամբ, մեր պատմութեան ամէնէն կարեւոր ու դժուար հանգրուաններուն ինքզինք եղաւ ու դարձաւ հայ ժողովուրդին փրկութեան նաւը մեր պատմութեան ամէնէն վճռական պահերուն»:
Անդրադառնալով 2013 տարին «Հայ մօր տարի» հռչակելու իրողութեան, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «2013-ը «Հայ մօր տարի» հռչակեցինք, յիշեցնելու համար հայ մօր, որ սրբազա՛ն է, նուիրակա՛ն է, վե՛հ է հայ մօր դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ: Եւ առ այդ, հայ մայրը պէտք է վերահաստատէ, վերարժեւորէ իր առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ»:
Ապա, վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց երգչախումբի ղեկավարը` հայր Թորգոմը եւ երգչախումբին անդամները, դաշնակով համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերողները` շեշտելով հայ երգի հարազատ դիմագիծը անաղարտ պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր խօսքին երկրորդ բաժինով վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ դպրեվանքի կարեւորութեան` մեր սփիւռքեան կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դպրեվանքը մեր կաթողիկոսութեան սիրտն է, ըսած են մեր հայրապետները: Սո՛սկ խօսք կամ արտայայտութիւն չէ այս բնորոշումը, այլ` իրողութիւն: Դպրեվանքը առաքելութիւն է` մարդակերտումի առաքելութիւն: Մարդը արժէք չէ, երբ նպատակ է, մարդը արժէք կը դառնայ, երբ ինքզինք կը նուիրագործէ իրմէ բարձր ու վեհ արժէքներու ի խնդիր»: Իր խօսքը աւարտող սարկաւագներուն ուղղելով` վեհափառը ըսաւ. «Սիրելի՛ տղաք, դուք միայն ուսում չստացաք դպրեվանքէն, այլեւ` ոգի ու տեսիլք: Այդ ոգին ու տեսիլքը պիտի տանիք ժողովուրդին»:
Եզրափակելով իր պատգամը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ ու ի մասնաւորի Անթիլիասի առաքելութեան մասին ու ըսաւ. «Մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` ծառայութի՛ւն է: Մեր հոգեւորականներուն արժէքը ո՛չ իրենց ունեցած վկայականներուն մէջ է եւ ո՛չ ալ իրենց ունեցած արժանիքներուն, այլ` մեր հոգեւորականներուն արժէքը կը կայանայ իրենց ամբողջական նուիրուածութեամբ կատարած ծառայութեան մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար էականը ծառայութիւնն է: Անթիլիասի մեծութիւնը իր ծառայութեան մէջ է: Անթիլիասի հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջ է»:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վեհափառ հայրապետին պահպանիչով:

