Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները
Երկրորդ օրը ըլլալով, 13 յունիս 2013-ի առաւօտուն Տէրունական աղօթքով ու Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները` գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:
Իրերայաջորդ նիստերով նաեւ քննարկումը տեղի ունեցաւ տպագրուած լայնածաւալ տեղեկագիրին, որ կ՛ընդգրկէր Քաղաքական ժողովին իրագործած ծրագիրները` սկսելով ազգային, տեղական մակարդակէն, մինչեւ համասփիւռքեան, համահայկական եւ միջազգային մակարդակը: Ժողովականները իրենց հարցումները ուղղեցին Քաղաքական ժողովի անդամներուն եւ իրենց հարցումներուն պատասխանները ստացան:
Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ Քաղաքական ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն գծով ամբողջական արժեւորումը տեղի ունեցաւ Ազգային ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն կողմէ, յատկապէս գնահատելով սահմանափակ մարդուժով ու նիւթական նուազագոյն կարելիութիւններով իրագործուած հսկայական ծրագիրները:
Ապա, յատուկ կերպով խօսուեցաւ հետեւեալ կէտերուն մասին.
1) Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբին մասին, թէ ի՛նչ հեռանկարներ կան իրագործելիք: Ինչպէս նաեւ ազգային վարժարաններուն մէջ կրօնի դասաւանդման մասին խօսուեցաւ:
2) Մնայուն հիմնադրամ յառաջացնելու գաղափարը կը մնայ անհրաժեշտ եւ այժմէական: Վեհափառ հայրապետը այս ուղղութեամբ լայն բացատրութիւն տուաւ եւ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը մնայուն հիմնադրամ ունենալու, որպէսզի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տնտեսական դժուարութիւններ չունենայ:
3) Հայկական պահանջատիրութեան գծով վեհափառ հայրապետին միջազգային տարողութեամբ կատարած աշխատանքը եւ կաթողիկոսարանին մէջ թէ դուրս տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովները լուսարձակի տակ բերին կիլիկեան Ս. աթոռին հետեւողականութիւնը այս առնչութեամբ: Ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղաւ այս տարուան ապրիլ 24-ին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միատեղ ստորագրած պահանջագիրին մասին: Տակաւին, խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին իրագործուելիք ծրագիրներու ու նպատակներու մասին: Այս ծիրին մէջ նաեւ խօսուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Ղարաբաղի մէջ կառուցուած Նոր Կիլիկիա գիւղին մասին:
4) Սուրիահայ գաղութի մասին յատուկ կերպով խօսուեցաւ եւ բացատրութիւններ տրուեցան, Սուրիոյ ներկայ կացութեան պատճառով սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու պատկան թեմերու միջոցով կատարուած օժանդակութիւններուն մասին: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով եւ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան համար հաւաքուած նիւթական գումարներուն եւ անոնց գործուղման մասին: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ամբողջական նուիրումով պիտի շարունակենք աջակցիլ եւ օժանդակել սուրիահայութեան»:
5) Յունաստանի տնտեսական տագնապին մասին ալ խօսուեցաւ: Յատկապէս յունահայ թեմին կրած ազդեցութիւնը այդ տագնապէն: Յունաստանի պատգամաւորներէն մին մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ այդ ուղղութեամբ եւ խօսեցաւ թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
6) Անթիլիաս-Էջմիածին փոխյարաբերութեանց հարցը եւս մասնաւոր կերպով օրակարգի նիւթ դարձաւ յընթացս ժողովի: Այս գծով կրկին անգամ վերահաստատուեցաւ Կիլիկեան Ս. աթոռին յանձնառութիւնը` եղբայրական ոգիով շարունակել գործակցութիւնը Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան հետ, ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ ու ազգի ներքին միասնականութեան պահպանման:
7) Հայաստանի պետութեան հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործակցութիւնը եղաւ սիրալիր: Կիլիկեան Ս. աթոռին ազգային թէ միջազգային գործունէութիւնն ու արժէքը ծանօթ է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ գնահատուած անոնց կողմէ:
8) Խօսուեցաւ նաեւ Ս. աթոռին կողմէ իրագործուած շինարարական ծրագիրներուն, թէ՛ կաթողիկոսութեան պատկանող կալուածներուն վրայ կատարուածներուն եւ թէ՛ Ղարաբաղի մէջ Նոր Կիլիկիա գիւղի շինութեան մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արդէն իսկ կատարուած շարք մը շինարարական աշխատանքներուն, որոնք կ՛իրագործուին թեմերուն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերարներու գործակցութեամբ ու աջակցութեամբ: Շինարարական գլխաւոր աշխատանքներէն են` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կանգնած Ապրիլեան նահատակներու յուշարձանի վերանորոգումը, Պիքֆայայի մէջ միաբանական շէնքի կառուցումը, Ապրիլեան նահատակներու խորանի կառուցումը, Ապրիլեան յուշարձանի շրջապատի վերադասաւորումը, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի մէջ` «Թռչնոց բոյն»-ի ամէնէն հին շինութիւնը Ցեղասպանութեան թանգարանի վերածելու ծրագիրը:
Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր արժեւորում կատարելով կատարուած քննարկումներուն իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ երկու մտածումներով.
«ա.) Մեր կատարած գործը առաքելութիւն է: Մենք գնահատականի կարիք չունինք, արժեւորումի կարիք ունինք, որպէսզի մեր կատարած գործը ըլլայ աւելի կատարեալ ու արդիւնաւէտ:
բ) Մեր կատարած գործը չի՛ սահմանափակուիր որոշ շրջագիծի կամ որոշ թեմերու նեղ սահմաններուն մէջ, այլ` համահայկական տարողութիւն ունի մեր կատարած գործը»:
Ազգային ընդհանուր ժողովի երկրորդ օրը միայն կատարուած աշխատանքի վերարժեւորում չեղաւ, այլեւ` բոլոր հարցերուն քննարկումէն բխած նոր ուղղութիւններու ճշդումի առիթ եղաւ:
Երկրորդ օրուան ժամանակացոյցին մէջ երկու նիստեր յատկացուած էին.
ա) Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումին եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:
բ) Սուրիահայութեան ներկայ կացութեան մասին Բերիոյ հայոց թեմէն ղրկուած զեկուցումին եւ սուրիահայութեան մասին պատրաստուած բանաձեւի ընթերցումին:
գ) Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակին կատարած աշխատանքներուն:
Իւրաքանչիւր զեկուցումի աւարտին կատարուեցան քննարկումներ եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան:
Յայտնենք, որ այսօր եւս Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

