Աղմկայարոյց «Իսլամներու Անմեղութիւնը» Շարժանկարի Բեմադրիչը Խոստացած Է Զայն Աւարտին Հասցնել
Իսլամական աշխարհի ցասումը յառաջացուցած «Իսլամներու անմեղութիւն» շարժանկարի բեմադրիչ Նաքուլա Պասելի Նաքուլա ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացած է շարժանկարը աւարտին հասցնել:
«Gazeta.ru» կը նշէ, որ Նաքուլա կը գտնուի Քալիֆորնիոյ հարաւը գտնուող բանտերէն մէկուն մէջ: «Եթէ ես ժամանակին մէջ ետ երթալու կարելիութիւնը ունենայի, ապա այդ ամէնը դարձեալ պիտի ընէի», ընդգծած է բեմադրիչը:
Ան նշած է, որ ձեռքի տակ ունի շարժանկարի երկու ժամնոց աշխատանքային նիւթ, զոր մշակելէ ետք կարելի պիտի ըլլայ շարժանկարի ամբողջական տարբերակը մինչեւ 26 սեպտեմբեր ներկայացնել:
Աղմկայարոյց «Իսլամներու անմեղութիւնը» շարժանկարը, որ անցեալ տարուան ամրան վերջը աշնան սկիզբը անսպասելի կերպով տարածուեցաւ «ԵուԹիուպ» կայքէջին ճամբով, իսլամական աշխարհին մէջ բարձրացուց բազմաթիւ բողոքներու եւ զանգուածային անկարգութիւններու ալիք մը, որ մարդկային զոհեր խլեց:

