Թաքսիմի Ցոյցերուն, Սուրիոյ Եւ Իրանի Շուրջ Միթ-Մոսատ Բարձրագոյն Մակարդակի Հանդիպում` Անգարայի Մէջ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի ղեկավար Թամիր Փարտօ 10 յունիսին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպում ունեցած է Անգարայի մէջ: Օրակարգի նիւթերը եղած են Սուրիան, Իրանը եւ Կեզի այգիի ցոյցերը:
Ֆիտան եւ Փարտօ քննարկած են Թուրքիոյ մէջ ընթացող ցոյցերը, որոնք երկու շաբաթ առաջ սկսան: Երկու գաղտնի սպասարկութեանց ղեկավարները քննարկած են այդ ցոյցերուն մէջ շրջանային երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց ազդեցութեան հաւանականութիւնը:
Փարտօ նաեւ ժամադրութիւն խնդրած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում ունենալու համար, սակայն տակաւին այդ խնդրանքին պատասխան չէ ստացած:
Ֆիտան եւ Փարտօ Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ այդ երկրին մէջ Իրանի ազդեցութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանակած են: Անոնք նաեւ քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակման կարելիութիւնները:
Աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած են, որ իրենք տեղեկութիւն ունին, թէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը եւ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը Թուրքիոյ դէմ կը գործեն:


