«Ռուսիա Եւ Միացեալ Նահանգներ Միասին Աշխատելով Շատ Բանի Կրնան Հասնիլ» Կ՛ըսէ Քերրի
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ռուսիոյ օրուան նուիրուած շնորհաւորական իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան շնորհիւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, կրթութեան եւ առեւտրական մարզերուն մէջ շատ բան կրնան շահիլ:
«Հակառակ մեր տարակարծութեանց եւ ապագայի հարցին մէջ տարբեր հայեացքներուն, որոնց մասին մենք բացայայտ եւ անկեղծ կը խօսինք, Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները կրնան շատ բանի հասնիլ` միասին աշխատելով դարու մարտահրաւէրներուն հարցին մէջ», ըսուած է անոր ուղերձին մէջ:
Ըստ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին, երկու երկիրներու ընդհանուր շահերէն կը բխին առեւտուրն ու ներդրումները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, զանգուածային քանդումի զէնքի տարածման կանխարգիլումը:
«Նորարարութիւններու իբրեւ արդիւնք զարգացող ժամանակակից տնտեսութեան պայմաններուն մէջ ամերիկացիներն ու ռուսերը կը շահին երկու հանրութիւններուն, համալսարաններուն եւ նախաձեռնութիւններուն փոխադարձ գործակցութենէն», նշած է Քերրի:


