Իսրայէլ «Ժընեւ-2»-ին Մասնակցելու Կարելիութեան Հարցը Կը Քննարկէ

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Զայիֆ Ալքին երէկ Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան հարցը պիտի քննարկէ, եթէ այդ ուղղութեամբ հրաւէր մը ստանայ, սակայն Իսրայէլ իր մասնակցութիւնը անօգուտ կը նկատէ:

«Չեմ գիտեր, թէ Իսրայէլ ինչպէ՛ս կրնայ այս հոլովոյթին նպաստել: Տագնապին առնչակից կողմերէն որեւէ մէկուն հետ կապի մէջ չենք», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Իսրայէլ Սուրիոյ տագնապին չի միջամտեր եւ սուրիական ընդդիմութեան չ՛աջակցիր:

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարարը ըսաւ, որ «Իսրայէլ մեծապէս մտահոգ է ռուսական «Էս-300» հրթիռներու Սուրիոյ յանձնումէն, որովհետեւ անոնք կրնան այլ կողմերու ձեռքը անցնիլ»: Ինչ կը վերաբերի Կոլանի մէջ ռուսական ուժերու տեղակայման հարցին, ան ըսաւ, որ այդ հարցը «իրատեսական չէ, որովհետեւ օրինական կացութիւնը այդ ուժերու տեղակայումը չ՛արտօներ»:

Կոլանի Մէջ Սկանտինաւեան Ուժեր
Աւստրիական Ուժե՞րը Պիտի Փոխարինեն

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն շուէտական կառավարութեան մօտ աշխատանք կը տանի, որպէսզի սկանտինաւեան երկիրներէն կազմուած եւ ընդարձակ լիազօրութիւն ունեցող ուժ մը փոխարինէ Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերէն հեռացող աւստրիացի 380 զինուորները:

Ան կը նշէ, որ «աւստրիական ուժերուն հեռացումը եւ Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն լիազօրութեան 26 յունիսին նախատեսուած աւարտին մօտեցումը կը մտահոգեն Իսրայէլը: Ասոր զուգահեռ Քի Մուն եւ ՄԱԿ-ի պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի սկանտինաւեան ուժի մը կազմութեան համար հաղորդակցութեան մէջ մտան Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթի հետ»:

Իսրայէլեան կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը նշած է, որ Պիլտթի նախնական հակազդեցութիւնը դրական էր, սակայն ան յստակ դարձուցած է, որ Շուէտ միայն սկանտինաւեան այլ երկիրները ներառող իր ղեկավարութեամբ ուժի մը մասնակցութեամբ հետաքրքրուած է:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Շուէտ կ՛ուզէ, որ Կոլանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը ամրապնդուին եւ մարտական կարողութիւն ունենան, որպէսզի խաղաղապահ զինուորները կարենան յարձակումի ենթարկուելու պարագային իրենք զիրենք պաշտպանել:

Մըքֆոլ. «Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի
Օգտագործման Հարցը Պիտի Քննարկուի
Իրլանտայի Վեհաժողովին Ընթացքին»

Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Մըքֆոլ յայտարարեց, որ «կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործման հետաքննութեան համար համագործակցութիւնը ըլլայ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Ութերու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ ռուս եւ ամերիկացի նախագահներուն քննարկումներուն գլխաւոր նիւթերէն ըլլայ»:

Ան նշեց, որ «այս հարցը ռուս գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութեան հարց մըն է, եւ ատոր մէջ մեր շահերը կը համընկնին»` աւելցնելով, որ «երկու երկիրներուն ազգային ապահովական խորհուրդներուն միջեւ հետաքննութեան մէջ համագործակցութեան շուրջ քննարկումները կը շարունակուին»:

 

Share this Article
CATEGORIES