Էրտողան Ցուցարարներուն Վերջին Զգուշացում Մը Կ՛ուղղէ

Եւրոպական խորհրդարանը երէկ որդեգրեց որոշում մը, որ կը քննադատէր թրքական կառավարութեան ու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` ցոյցերուն նկատմամբ որդեգրած միջոցառումներն ու կեցուածքները, սակայն Թուրքիան չէր դատապարտեր:

Բայց եւ այնպէս Էրտողան յայտնեց, որ ինք այդ որոշումը պիտի չճանչնայ: «Ո՞վ էք դուք, որ Թուրքիոյ վերաբերեալ որոշում կ՛որդեգրէք», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը «անընդունելի» նկատեց եւ ըսաւ, որ չկայ երկիր մը, որ կրնայ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան մասին դասեր տալ: Ան որոշումը «միակողմանի» եւ «Թուրքիան սխալ պատկերով ներկայացնող» նկատեց:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանին որոշումը կը վնասէ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու Թուրքիոյ նպատակին ու գետնի վրայ իրականութեանց հետ կապ չունի: Ան ըսաւ, որ որոշումը չեղեալ եւ դատարկ է:

Էրտողան. «Մեր Համբերութիւնը
Սպառած Է»

Էրտողան երէկ Կեզի այգիին մէջ նստացոյց կատարող ցուցարարներուն վերջին զգուշացում մը տուաւ` յայտնելով, որ համբերութիւնը սպառած է, եւ անոնց կոչ ուղղեց այգիէն հեռանալու:

«Մեր համբերութիւնը սպառած է: Վերջին անգամ ըլլալով կը զգուշացնեմ: Հայրերուն եւ մայրերուն կ՛ըսեմ` հաճեցէք ձեր զաւակներուն ձեռքէն բռնել եւ զիրենք դուրս բերել… Այլեւս չենք կրնար սպասել, որովհետեւ Կեզի այգին բռնագրաւող ուժերուն չի պատկանիր, այլ` ժողովուրդին», ըսաւ Էրտողան:

Ան ցուցարարներէն խնդրեց շրջանէն հեռանալով թատերաբեմը ձգել ոստիկանութեան եւ «անօրինական կազմակերպութեանց» անդամներուն միջեւ հաւանական բախումի մը: Ան խոստացաւ 24 ժամէն «խռովարարները» հեռացնել Կեզի այգիէն:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ իր համակիրները յառաջիկայ օրերուն շարք մը ցոյցեր կը ծրագրեն, սակայն մերժեց, որ անոնց նպատակը Թաքսիմի ցոյցերուն հակադարձել է: Ան միջազգային լրատուամիջոցները քննադատեց Թուրքիոյ մասին սխալ պատկեր մը հաղորդելու համար` «կարծես ամբողջ Թուրքիան հրոյ ճարակ է»: «Մենք այդ (Արդարութիւն եւ բարգաւաճումի) ցոյցերուն ճամբով Թուրքիոյ իսկական պատկերը պիտի ներկայացնենք: «Լուռ մեծամասնութեան» ձայնը պիտի փոխանցենք աշխարհին», յայտարարեց Էրտողան:

Նշենք, որ ցուցարարները դրժեցին Կեզի այգիէն հեռանալ:

Կիւլեր. «Կեզիի Բռնագրաւումը
Չի Կրնար Շարունակուիլ»

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր յայտնեց, որ Կեզի այգիի բռնագրաւումը «չի կրնար այսպէս շարունակուիլ»: Ան ըսաւ, որ Կեզի այգիին ապագային շուրջ հանրաքուէն կրնայ տեղի ունենալ կամ Պէյօղլու շրջանին մէջ կամ ամբողջ Պոլսոյ մէջ:

Միւս կողմէ, ի տարբերութիւն Կեզիի մէջ յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին ոստիկանութեան միջամտութեան մը մասին Էրտողանի յայտարարութեան, Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլու ըսաւ, որ ապահովական ուժերը այդպիսի ծրագիր մը չունին:

Նշենք, որ դերասան Հիւլիա Աւշար երէկ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք «Էն.Թի.Վի.»-ին յայտնած էր, որ այն տպաւորութիւնը ստացած է, թէ ոստիկանութիւնը շուտով Կեզի այգիին մէջ պիտի միջամտէ:

Միացեալ Նահանգներ Դարձեալ
Դժգոհութիւն Կը Յայտնեն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտնեց, որ «տակաւին կը շարունակենք մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ իրադարձութեանց եւ կը կարծենք, որ Թուրքիոյ երկարատեւ կայունութեան, ապահովութեան ու բարգաւաճման մեծագոյն երաշխիքը խօսքի, հաւաքի ազատութեան եւ ազատ ու անկախ լրատուամիջոցներու գոյութիւնն է»` աւելցնելով, որ «թրքական իշխանութիւններէն կը սպասենք այս հիմնական իրաւունքները պահպանել, եւ մենք  անհանգստացած ենք իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքը կիրարկող անհատները պատժելու փորձերէն եւ կը դատապարտենք որեւէ կողմի բռնարարքներու պատճառ դառնալը»:

Փսաքի ողջունեց հանդարտեցման եւ կացութիւնը երկխօսութեան ճամբով լուծելու ջանքերը` նշելով, որ Ուաշինկթըն «կ՛ուզէ, որ բոլոր կողմերը հարցերը լուծեն երկխօսութեան ճամբով»:

Share this Article
CATEGORIES