Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զարմանք յայտնեց ոմանց կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու պնդումներուն մասին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Հըզպալլա ոչ միայն Արսալի, այլ ամբողջ Լիբանանի նկատմամբ յետին նպատակներ ունի:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին պարզած պատկերը երկրին ժողովրդավարական եւ սահմանադրական կարգերուն դէմ հարուած մը կը նկատուի: Միւս կողմէ, Խուրի շեշտեց, որ ինք Ամշիթի մէջ պեթոն շաղելու գործարան հիմնելու արտօնագիր չէ տուած:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էտմոն Ռըզք յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդի նիստերէն ոչ բանաւոր բացակայութիւնը պատասխանատուութիւն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ այս հանգրուանին կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` նկատի ունենալով երկրին ապահովական պայմաններն ու իրավիճակը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ անիշխանութիւնը աւելի լաւ է, քան նոյն պետական դէմքերուն վերընտրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Ճիանկը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի դեսպան Ճորճ Ալվարես Ֆուենթեզը, որուն այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունէր:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Լիբանանի պայմանները կ՛արտօնեն, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի:
ՀԵՐՄԵԼԻ մէջ Նասրէտտին ընտանիքի երկու անդամներ առեւանգուած են:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման շեշտեց, որ խորհուրդին դէմ կը մղուի պայքար մը, որուն նպատակն է ճշմարտութիւնը նենգափոխել եւ անոր աշխատանքը արգելակել` զայն ներկայացնելով իբրեւ խորհուրդ մը, որուն վրայ ճնշումներ կը բանեցուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մուտք գործած են Հըզպալլայի ծրագիրին դէմ դնելու հանգրուան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Հըզպալլա ստիպուած պիտի ներկայանայ Ազգային երկխօսութեան նիստին` քննարկելու համար իր զէնքը լիբանանեան պետութեան յանձնելու քայլերը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ իրենք հպարտ կը զգան, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը վիճարկող քաղաքական միակ ուժն են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, նշեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կը քննարկէ 16 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը ծրագրէ յարձակիլ Արսալի վրայ եւ զայն մեկուսացնելով շրջափակել:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ի վերջոյ պիտի յանգին երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկելու կառավարութեան մը կազմութեան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին ներկայ աշխատանքը քաղաքական դիտանկիւնէ կարելի է մեկնել եւ ոչ թէ դատական:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով զգուշացուցած են լիբանանցիներն ու լիբանանեան պետութիւնը` Հըզպալլայի զէնքին ունենալիք հետեւանքներէն: Ան շեշտեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկող դատաւորները մահացու հարուած կը հասցնեն այդ խորհուրդին:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սադրանքներու բռնկումին պատասխանատուն Հըզպալլան է` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքը խոչընդոտող հեղինակութիւնները ուրիշներ են եւ ոչ թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:

