Մոալլեմ. «Լիբանանեան Բանակը Պէտք Է Երաշխաւորէ Սահմանային Ապահովութիւնը»
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ յայտնեց, որ ինք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմէն ստացած է նամակ մը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած սահմանային հարցերուն:
Մանսուր նշեց, որ Մոալլեմ նամակին մէջ անդրադարձած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ստորագրուած ապահովական համաձայնագիրներուն եւ Սուրիոյ կողմէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու յանձնառութեան:
Մոալլեմ ընդգծած է նաեւ լիբանանեան բանակին կողմէ սահմանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Մոալլեմ կոչ ուղղած է լիբանանեան իշխանութիւններուն որդեգրելու ամէն տեսակի միջոցառում եւ դասաւորում, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել քոյր ժողովուրդներու անվտանգութիւնը` երկու երկիրներուն գերիշխանութիւնները յարգելու առնչութեամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան շրջագիծին մէջ:
Ֆրանսա Կը Դատապարտէ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց սուրիական օդուժին կողմէ Արսալի ռմբակոծումը` զայն նկատելով խիստ մերժելի ընդվզում մը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանին եւ անոր պետութեան ու բանակին զօրակցութիւն յայտնեց:

