Սաատ Հարիրի. «Լիբանանի Գոյութիւնն Ու Անոր Բազմազանութեան Արժանիքը Վտանգի Ենթարկուած Են»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ լիբանանցիներուն ուղղեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի գոյութիւնն ու անոր բազմազանութեան արժանիքը վտանգի ենթարկուած են:
Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլան է, որ Լիբանանի ճակատագիրը վտանգի կ՛ենթարկէ` աւելցնելով, որ երբ ինք կը խօսի ազգային ճակատագիրին մասին, միայն որոշ համայնքի մը ճակատագիրը նկատի չ՛ունենար:
Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին կարիք ունի անիրաւող զէնքին վերջ մը դնելու քայլին, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ երկրին մէջ լիբանանցիներուն թափած արիւնով իսկ ընթացող իրանեան պատերազմին:
Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա որոշած է, որ իր ընդհանուր քարտուղարը` սէյիտ Հասան Նասրալլան ըլլայ լիբանանեան պետութեան նախագահը եւ անոր զինեալ ուժերուն գերագոյն հրամանատարը:
CATEGORIES Լիբանանեան

