Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Փլամպլին
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի ընդգծեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ հողային անվտանգութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:
Փլամպլի մտահոգութիւն յայտնեց վերջերս Արսալի դէմ գործուած յարձակումին համար:
Ան հաստատեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի մէջ կառավարութեան մը կազմութիւնը:
Փլամպլի աւելցուց նաեւ, որ ՄԱԿ կը զօրակցի կառավարութեան կազմութեան նպատակով վարչապետ Սալամի ի գործ դրած ջանքերուն:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի նոր նշանակուած դեսպան Ռաատ Ալլուսին: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Մեքսիքայի դեսպան Ճորճ Ալվարես Ֆուենթեզ հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Սալամին:


