«Պրազիլ Պատրաստ Է Հիւրընկալելու 2014-Ի Մոնտիալը» Կըսէ ՖԻՖԱ-ն
Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին նախօրեակին եւ 2014-ի Մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն տարի մը առաջ, ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէ փարատեց բոլորին ունեցած այն մտավախութիւններն ու մտահոգութիւնները, թէ Պրազիլ պատրաստ պիտի չըլլայ հիւրընկալելու աշխարհի ֆութպոլի մեծագոյն եւ կարեւոր մրցաշարքը:
«12 ամիսը բաւարար է ամբողջացնելու օդակայանին երթեւեկութեան բոլոր ճամբաները, ինչպէս նաեւ շինարարութիւնը բոլոր այն 12 դաշտերուն, ուր տեղի պիտի ունենան մրցումները: Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Պրազիլ պատրաստ պիտի չըլլայ, դժբախտաբար կը սխալին», ըսաւ Վալքէ:
Նշենք, որ 12 դաշտերէն 6-ը, ներառեալ` Ռիօ, Պրազիլիա, Պելօ Հորիզոնթէ եւ Պրազիլի հիւսիս-արեւելքը գտնուող երեք այլ դաշտեր, գրեթէ ամբողջացած են եւ պատրաստ կան երկու շաբթուան վրայ երկարող Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին, որ կը սկսի վաղը` շաբաթ:

