Աթլեթիզմ. Համալսարաններու Ախոյեանութիւն. 110 Մեթր Արգելարշաւի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ

Կազմակերպութեամբ Անթունիէ Պաապտա համալսարանին, տեղի ունեցան համալսարաններու աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները` Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ (Հատաս):

Հաստատուեցաւ լիբանանեան նոր մրցանիշ մը, երբ Լիբանանեան համալսարանին մաս կազմող Ահմետ Հազեր 110 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 13” 87 արդիւնք մը:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 երկսեռ մարզիկներ:

Share this Article
CATEGORIES