Չորս Տարուան Բանտարկութեան Վճի՞ռ… Մեսսի Կը Մեղադրուի Տուրքերէն Խուսափելու Յանցանքով
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ անոր հայրը` Խորխէ, կը մեղադրուին իրենց տուրքերէն խուսափելու յանցանքով:
Անոնց ունեցած պարտքը կը գնահատուի աւելի քան 4 միլիոն եւրոյով (5,3 միլիոն ամերիկեան տոլար):
Քաթալոնիոյ մաքսատնային ընդհանուր տնօրէնին համաձայն, անոնք երկուքը խուսափած են 2006-2009 տարիներու իրենց տուրքերը վճարելու պարտաւորութենէն:
Ըստ սպանական օրէնքին, եթէ անոնք երկուքը յանցաւոր նկատուին, կրնան աւելի քան չորս տարուան բանտարկութեան վճիռ ստանալ:
Նշենք, որ 26 տարեկան Մեսսի, աշխարհի ամէնէն շատ վճարուող աթլեթներէն մէկն է եւ անոր ամսականն է 20 միլիոն եւրօ կը յայտնէ «Ֆորպս» մարզաթերթը:
CATEGORIES Մարզական

