Մխիթարեան Եւ Մովսիսեան` Իրարու Դէմ Յանդիման
Իր լուրը քաղելով ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ ակումբին պաշտօնական կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ այս ամսուան աւարտին Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միացեալ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երկու երկիրներուն ամէնէն անուանի ակումբները:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռուսիայէն` Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ եւ Սպարտակ Մոսկուա, իսկ Ուքրանիայէն` Տինամօ Քիեւ եւ Շախտիոր Տոնեցք:
Զենիթ Ռուսիոյ ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, իսկ Սպարտակ` 4-րդ դիրքը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Տոնեցքի, անիկա Ուքրանիոյ ախոյեանն է, իսկ Քիեւ` 3-րդ:
Նշենք, որ Սպարտակի մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, իսկ Շախտիորի` Հենրիխ Մխիթարեան:
CATEGORIES Մարզական

