Ռուբէն Հայրապետեանին Տուած Մամլոյ Ասուլիսը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան երէկ կէսօրին ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան մասնաւորաբար կեդրոնացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին վերջին երկու մրցումներուն վրայ:
Ստորեւ` այդ մամլոյ ասուլիսին կարեւոր բաժինները.
«Սկսելով Մալթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն, մեր ֆութպոլիստները դաշտ մտան «Սուփըր ֆութպոլիստներու» կեցուածքով: Ասիկա իմ անձնական կարծիքս է: Թերագնահատելով մրցակիցը, անոնք մէկ ոտքով միայն կատարեցին այս մրցումը: Մալթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին խնդիր չկար հիմնական կազմին մէջ, որ դաշտ ներկայացաւ: Մենք անոնց կրնայինք յաղթել, նոյնիսկ եթէ երկու մարզիկով նուազ ալ մրցէինք»:
«Հոս պէտք է նշեմ, որ յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան մէկ օրով հեռացուեցաւ ֆութպոլի հաւաքականէն` նկատի ունենալով, որ նախքան Մալթայի դէմ կատարուելիք մրցումը, ան մէկ օր ուշացումով միացաւ հաւաքականին կատարած ուսումնամարզական հաւաքին: Յետոյ ան իր սխալը հասկնալով եւ հանդիպելով ինծի հետ, ըսաւ, որ ապագային այսպիսի սխալ դարձեալ չի կրկնուիր»:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի Դանիոյ դէմ 4-0 արդիւնքով արձանագրուած յաղթանակին, ատիկա հերոսութիւն չենք կրնար նկատել: Եթէ պահ մը նկատի առնենք, որ այդ մէկը հերոսութիւն էր, ուրեմն ճատրակի մեր խաղացողներուն կատարածը ի՞նչ է…:
«Հոս կ՛ուզեմ նշել այլ կէտ մըն ալ: Դանիոյ դէմ մեր կատարած մրցումէն առաջ հաւաքականի դանիացի նախկին մարզիչ Եան Փուլսեն (2008-2009) յայտարարեց ըսելով, որ իրեն իր պաշտօնէն հեռացուցին, որովհետեւ Հայրապետեանն էր, որ կ՛ընտրէր հիմնական կազմը: Անոր այս մեղադրանքին կը պատասխանեմ, որ ինք ստախօս մըն է: Մոլտաւիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք անոր մօտենալով ըսի, թէ ինչո՞ւ դաշտ ներկայացուց վիրաւոր Արթուր Ոսկանեանը: Ան պատասխանեց ըսելով, որ ֆութպոլիստը իրեն ըսած է, թէ պատրաստ է խաղալու: Ասոր ի տես անոր ըսի, որ պէտք չէ, որ իր կազմը յայտարարէ` հիմնուելով մարզիկներուն ըսածներուն վրայ: Եւ երբեք չեմ միջամտեր կազմերու ընտրութեան: Բայց եւ այնպէս մրցումէն ետք մարզիչին հետ իմ ունեցած զրոյցիս ընթացքին կ՛արտայայտեմ իմ կարծիքս: Ժողովուրդը ճիշդ կ՛ընէ, երբ ինձմէ կը պահանջէ, հետեւաբար ես ալ պէտք է պահանջեմ իմ ենթականերէս»:
«Ինչ կը վերաբերի համացանցի վրայ զետեղուած գրութիւններուն, թէ ես «ծախած եմ» Մալթայի դէմ մրցումը, կամ եւ վնաս կը հասցնեմ հայկական ֆութպոլին եւ այլն, բոլոր այդ անհեթեթութիւնները տարածողները թող գան եւ նստինք դէմ յանդիման, կը լսեմ անոնց առաջարկները եւ կարծիքները, ապա պատրաստ եմ ժամերով զրուցելու անոնց հետ»:
«Վերջապէս, եզրափակելով այս մամլոյ ասուլիսը, ըսեմ, որ թէեւ 12 յունիսին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ իմ զրոյցիս մէջ ըսի, որ եթէ ժողովուրդը կ՛ուզէ, կը հրաժարիմ նախագահի իմ պաշտօնէս, կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին ալ անխտիր, որ եթէ դժգոհ եմ ինձմէ եւ կ՛ուզեն զիս փոխարինող մը գտնել, ես պատրաստ եմ եւ անմիջապէս այդ քայլին կը դիմեմ առանց տատամսելու»:

