50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 25 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լիբանանեան հայ եւ տեղական մամուլը քանի մը շաբաթէ ի վեր լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ այն յաջողութիւններուն, որոնք արձանագրուեցան Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի գիտութեան դասախօս փրոֆ. Մանուկեանի եւ խումբ մը ուսանողներու կողմէ` հրթիռագիտութեան մարզին մէջ:

Ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով` ձեռներէց ոգիի տէր հայ գիտնականը եւ իր ուսանողները կրցան արձակել երկու հրթիռներ` քաջալերուած գիտական այս մարզէն ներս մեծ երկիրներու արձանագրած յաջողութիւններէն:

Գիտական այս իրագործումը գնահատութեան արժանի է եւ զանգուածներու սեփականութիւնը պէտք է դառնայ երկու նկատումներով. նախ` անոնց այս նուաճումը պատիւ կը բերէ Լիբանանի, որ արդարօրէն կը հպարտանայ իբրեւ Միջին Արեւելքի գիտութեան եւ արուեստի կեդրոնը.  երկրորդ` նպաստաւոր կերպով կ՛անդրադառնայ մեր ժողովուրդին, որուն զաւակներն են այս յաջողութեան հեղինակները` փրոֆեսէօր եւ ուսանող:

Մամուլին մէջ անոնց յաջողութեան առաջին արձագանգը նախ զարմանք եւ ապա ընդհանուր ուրախութիւն պատճառեց լիբանանցի ժողովուրդին, եւ ի մասնաւորի` մեր համայնքին, որ Հայկազեան քոլեճի մէջ արդարօրէն կը տեսնէ հայկականութիւն խորհրդանշող հաստատութիւն մը, որ այս երկրին մէջ, իր ուսումնական բարձր մակարդակով, պատիւ կը բերէ մեր ժողովուրդին:

Փրոֆ. Մանուկեանի եւ իր ուսանողներուն երկրորդ յաջողութիւնը եկաւ այս զարմանքն ու ուրախութիւնը վերածելու գիտակից գնահատանքի մը եւ, ահա, ամէնուրեք ձայներ բարձրացան, որպէսզի նիւթական եւ բարոյական կարելի միջոցներով քաջալեր հանդիսանանք այս երիտասարդ հրթիռագէտներու ձեռնարկին:

Ծանօթ է, որ անոնք մօտերս պիտի արձակեն երկյարկ հրթիռ մը, որուն երկրորդ յարկը պիտի վերստացուի անկարգելով: Այս փորձը տեղի պիտի ունենայ բանակի եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն առջեւ, Պէյրութի մերձակայ շրջանի մը մէջ: Եթէ այս փորձը եւս յաջողի, փրոֆ. Մանուկեանի եւ իր ուսանողներուն առջեւ կը բացուի մեծ կարելիութիւններու դաշտ մը, որ կրնայ ըլլալ նոյնքան անսահման, որքան կրնան ըլլալ մեր նիւթական նպաստն ու բարոյական քաջալերանքը` երիտասարդ գիտնականներուն:

Հրթիռագիտութիւնը, ինչպէս ըսուեցաւ վերջերս, երիտասարդ գիտութիւն մըն է, որ մեծ նուաճումներու եւ կարելիութիւններու դուռ բացած է մեծ երկիրներու մէջ, ուր կը վայելէ պետական աջակցութիւն եւ հովանաւորութիւն:

Լիբանան փոքր երկիր մըն է, որ իր համեստ բաժինը կը բերէ գիտական ընդհանուր նուաճումներուն, որոնց արձագանգը կու գայ ամէն կողմէ: Այսուհանդերձ, այս երկրին մէջ ալ մեծ կարելիութիւններ կան, որպէսզի Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտները, զուտ գիտական մարզի մէջ, արձանագրեն այս երկրի բարոյական մեծութեան եւ համբաւին համապատասխան յաղթանակներ:

Ասոր համար անհրաժեշտ է բոլոր լիբանանցիներուն աջակցութիւնը եւ քաջալերութիւնը, որոնք կրնան զանազան ձեւերով ընծայուիլ Հայկազեանի հրթիռագէտներուն:

Այս տեսակէտէն մեծ կրնայ ըլլալ դերը մեր հայրենակիցներուն, իբրեւ օգտակար եւ գեղեցիկ մասնակցութիւն մը այս երկրի ճիգերուն` գիտական նուաճումներու մարզին մէջ:

Որովհետեւ փրոֆ. Մանուկեանի եւ իր ուսանողներուն յաջողութեան մէջ մենք կը տեսնենք հայ ստեղծագործ ժողովուրդին ձեռներէց ոգիին հարազատ արտայայտութիւնը, որուն հանդէպ մեր գնահատանքը պէտք է ըլլայ անխառն եւ դրական:

Այս գնահատանքը կը սպասուի մեր ունեւոր հայրենակիցներէն, որոնց քաջալերութիւնը այդպիսով պիտի երթայ ոչ միայն հայ հրթիռագէտներուն, այլ նաեւ` հաստատութեան մը, որ իր հայադրոշմ հիմքով եւ հայկականութեան խորհրդանիշով պատիւ կը բերէ մեր համայնքին:

Share this Article
CATEGORIES