ԴԱՇՆԱԿԻ՞Ց, ԹԷ՞ ԹՇՆԱՄԻ

Կեանքին մնացեալ օրերը իր կիներուն, զաւակներուն եւ հետեւորդներուն (մենք բաժին չունինք) ձգելով` Պըն Լատեն Օսաման աշխարհի երեսէն չուելով` գնաց եւ ինկաւ ծովուն մէջ: Աստուած հետը ըլլա՜յ…

Այս մարդը առասպելական բան մը ունէր իր կենդանութեան. աշխարհէն հեռացաւ դարձեալ առասպելական ոճով: Միլիառատէր յեղափոխական ահաբեկիչը  ամբողջ մէկ տասնամեակ եւ աւելի, ինքնիր մասին խօսիլ տուաւ. երկիրներու գրաւման պատճառ հանդիսացաւ եւ վերջապէս գնաց. աւելի ճիշդը` ղրկուեցաւ ի ծով:

Ամերիկեան զանգուածներ երջանկացան. իրենց սիրելիներուն կամ հայրենակիցներուն վրէժը կը լուծուէր: Սպիտակ տան առջեւ եւ Նիւ Եորքի մէջ մարդիկ պաշտօնապէս «սելեպրէյթ» ըրին: Իրաւո՜ւնք ունէին վստահաբար:

Մեծագոյն «սելեպրէյշըն»ը Օպամա նախագահը ինքնիրեն վերապահեց. այս մարդն ալ մեծ իրաւունք ունի: Այլեւս վստահ է, որ նախագահական երկրորդ շրջանը ոսկի ափսէի վրայ մատուցուեցաւ իրեն Օսամայի միջոցով: Ո՞վ կամ ո՞ր հանրապետականը պիտի համարձակի դիմացը թեկնածութիւն առաջադրել… Իր ժողովրդականութեան անկումը տեղի տուաւ եւ սկսաւ բարձրանալ: Այլեւս պիտի չյիշուի որպէս խօսքը չկատարող կամ չյարգող նախագահ… Շնորհաւոր ըլլայ:

Միայն յայտնենք, որ Ամերիկա միշտ ալ մեղադրած է այլ ժողովուրդներ եւ ազգեր, թէ անոնք քաղաքական մեծ սպանութեանց առիթով կ՛ուրախանան եւ կը հրճուին: Այնքան ատեն որ իրենց արտօնուած է ամէն բան, բնականաբար իրե՛նք  իրաւունք ունին այդ մէկը ընելու: Իսկ այսպիսի առիթներով մարդկային իրաւանց մարմիններու հրապարակը խճողող եւ աղմկող աղաղակները, շատ հասկնալիօրէն, լուռ կը մնան: Պէտք է իմանալ, որ մեծը մե՛ծ է, իսկ փոքրը` փոքր… Մեծին արտօնուած բանը փոքրին չի՜ վայելեր…

Հիմա ենթակային մարմինը ծովը նետելն ալ հարց է: Նախագահ Օպամա շատ պարզ ձեւով ինքնարդարացումի դիմելով` յայտնած էր, որ չի փափաքիր Պըն Լատենի գերեզմանը ուխտատեղիի վերածել: Կարծէք առանց ատոր ալ, գերեզմանին, ուխտատեղի կառուցելը անկարելի ըլլար: Եթէ այլ նախագահ մը այսպիսի քայլի դիմէր, Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու դիւանագէտները ի՜նչ մեղադրանքներ չէին թափեր հեղինակին գլխուն: Օպամային` որպէս թիւ մէկ պետութեան ղեկավարի, շատ բան կը վայելէ…

Հիմա չեմ գիտեր, թէ ձուկերը ի՛նչ ձեւով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Օպամա նախագահին:

Ստեղծուած կացութեան մէջ Պըն Լատենի սպանութեան գծով կասկածներ կը տարածուին: Օրինակ` Իրանի նախագահ Ահմատինեժատը կը ծանուցանէ, որ մարդը հիւանդութեան մը զոհ գացած է եւ ո՛չ` ամերիկեան քոմանտոյի յարձակումին: Մահէն անդին ալ առասպելներ կը հիւսուին մարդուն շուրջ: Շատ երկար ատեն առասպելներ պիտի շռայլուին այդ խորհրդաւոր եւ տարօրինակ մարդուն…

Չենք կրնար չյայտնել, որ այս նեմեսիսները անունի մեծ նմանութիւն ունին: Մէկուն անունը եւ միւսին մականունը 80 առ հարիւրով յար եւ նման են. Օ(պ)ամա եւ Օ(ս)ամա… մէկ գիրի տարբերութիւն կայ: Դեռ, եթէ Օսաման թունդ իսլամ է, ապա Օպաման ալ, ըստ կարգ մը ամբաստանութեանց, իսլամութեան հետեւորդ է… Ինք կ՛ուրանայ այդ մէկը, բայց կասկածողներն ալ չեն լռեր…

Ամէն բանի ժամանակը կայ: Երբ Պըն Լատեն Թորա Պորայի իր թաքստոցէն կրցաւ խոյս տալ, ըսուեցաւ, որ ամերիկացիք սիրտ չունէին գտնելու եւ սպաննելու զայն: Եթէ այն օրերուն լուծարքի ենթարկէին զայն, Իրաքի գրաւումը որոշ չափով կրնար դժուարանալ: Որքան երկար ողջ մնար մարդը, Միացեալ Նահանգներու նախագահները աւելի ու աւելի կ’ամրապնդէին իրենց դիրքերը: Օսամային որքա՜ն բան կը պարտին ամերիկացիք` Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ներկայութիւնը յաւերժացնելու համար:

Հիմա հաւատալով, որ միլիառատէր տերվիշ յեղափոխական ահաբեկիչը ոչ եւս է, պիտի հաստատենք, որ ասկէ ետք առասպելական այդ գործողութեան մասին հսկայ փառաբանութիւններ պիտի հիւսուին, ահագին ժապաւէններ պիտի նկարահանուին: Այսքան մեծ հերոսական դէպք մը եւ դէմք մը չեն կրնար մոռացութեան տրուիլ: Մի՛ մոռնաք. պատմութեան մէջ շատ լայն տեղ կը գրաւեն առաւելաբար մեծ բռնատէրեր եւ նուաճողներ. Հիթլեր մը կամ Ստալին մը մրցանիշ կերտող պատմական դէմքեր են. մի՛շտ կը խօսուի ասոնց մասին: Հիմա Քազզաֆիի մասին շատ աւելի կը խօսուի, քան, ըսենք, հակառակ ամէն բանի,  Սարքոզիի կամ Պերլուսքոնիի…

Ինչ որ շատ ակնառու է, անուններու գրեթէ նոյնութենէն զատ, Օպամա եւ Օսամա կարծէք թաքուն դաշնակիցներ ըլլային: Ռազմավարական նոյն մեծ սկզբունքը կը դաւանին. Օպամա գովքը կը հիւսէ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող քաղաքական երկրաշարժերուն: Ան ձեռքով¬ոտքով յառաջ կը մղէ իր երկրի գաղտնի եւ խորհրդաւոր մարդոց ձեռքերով հիւսուած բեմագրութիւնը: Մինչեւ վերջին շունչ Ամերիկայի կառքին լծուած ղեկավարներ յանկարծ դուրս կը նետուին: Մինչ այդ ամերիկացիք ո՛չ մէկ բան (միլիառաւոր տոլարներ, զէնք եւ այլն) կը խնայէին այդ մարդոց գահերը պահպանելու եւ օրն ի բուն ատոնց իմաստութիւնը գովերգելու համար: Հիմա կը պահանջեն, որ այդ ղեկավարները դժոխք երթան: Իսկ եթէ իրենց կամքը կատարեն, բարեկարգումներ եւ այլն ի չիք իսկ դառնան, հարց չէ:

Օսաման ալ, յետմահու սփռուած իր պատգամով, նոյն քաղաքական ռազմավարութիւնը կը յանկերգէ. կ՛ողջունէ՜ Մ. Արեւելքի մէջ ընթացող յեղափոխութիւնները…

Ռազմավարական դաշնակիցի վայել բան չէ՞ այս… «Ռազմավարական» կամ «ոչ ռազմավարական» դաշնակից մը կը դառնայ գլխացաւանք, որմէ ձերբազատիլը ինքնին մեծ հերոսութիւն է, երբ մեծ ես դուն… Օպաման իր (գրեթէ) անուանակիցը չքացնելով` դարձաւ հերոս: Միացեալ Նահանգներ այս օրերուն, ամէն բանէ աւելի, հերո՜սի կարիքը ունին:

ՁԻՒՆԱԿԱՆ

22-05-2011

Share this Article
CATEGORIES