ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԻՇԱՄ ԺԱՐՈՒՏԻԻ

Նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Հիշամ Ժարուտիի, որ Ռիատի Պէյրութ ակումբին նախագահն է:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, անդամներ Միշել Խորոզեան եւ Հայկ Թապաքեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ անդամ Էլի Սրապոնեան:

Երկու կողմերուն միջեւ հանդիպումը ընթացաւ շատ դրական եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ Լիբանանի անուանի եւ մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող ակումբներէն են:

Ընդհանրապէս խօսուեցաւ լիբանանեան պասքեթպոլի մարզը յուզող նիւթերու շուրջ: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, բոլոր ակումբներն ալ իրարու հետ իրենց փոխադարձ յարաբերութիւնները պէտք չէ խզեն անկարգապահ քանի մը համակիրներու կամ իրաւարարներու ակամայ սխալներուն համար:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Ռիատին անոր կատարած երկու իրագործումներուն համար: Առաջինը` Լիբանանի տղոց ախոյեան հանդիսանալուն համար, իսկ երկրորդը` Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած ըլլալուն համար:

Այս հանդիպումին նախագահ Ժարուտիի կողքին ներկայ էին նաեւ ակումբին կարգ մը պատասխանատուները, որոնք ողջունեցին ՀՄԸՄ-ի կատարած օրինակելի այս այցելութիւնը, ինչ որ յաւելեալ փաստ մը կու տայ, որ անոնք երկուքը իրարու հետ քոյր ակումբներ են:

 

Share this Article
CATEGORIES