ՊԻՏԻ ՉՎԱՏՆԵՆՔ ԱՌԻԹԸ

Երկրորդ տարուան համալսարանական ուսանողուհի էի, եւ միաժամանակ ուսուցչութիւն կ՛ընէի, երբ յանկարծ զգացի, որ յաճախ զոյգ կը տեսնէի. բայց եթէ մէկ աչքս փակէի, բնական կ՛ըլլար տեսողութիւնս: Տարօրինա՛կ: Չհասկնալով հարցը եւ կարծելով, որ յոգնութիւնն է պատճառը, եւ երբ նոյնիսկ ակնաբուժ մը չկասկածեցաւ, ես ալ չհետաքրքրուեցայ աւելի: Բայց երկու տարի ետք, 2002-ին, ստիպուեցայ ծանօթանալ իրեն հետ:

MS-ն էր, որ դուռս զարկաւ: MS, այսինքն` multiple sclerosis հիւանդութիւնը. այս լատիներէն բառը կը նշանակէ շատ վէրքեր: Հայերէն բառացի թարգմանութիւնն է, հաւանաբար, «բազմատեսակ կածրախտ»: Շատ լսուած հիւանդութիւն մը չէր այդ ժամանակ, եւ արդ, 11 տարի ետք, պարտք կը զգամ գրել հայերէնով եւ հայերուն համար եւ յիշել MS-ի օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի մայիս 25, 2011-ին:

Հիւանդութիւնը (բժիշկ չեմ, այլ` լոկ պայքարող մը) անկոչ-աներես հիւրի մը նման կը մտնէ մարմին`  բնաւ չլքելու (շատ հաւատարիմ), եւ լուռ պատերազմ մը կը մղէ մարմնին մէջ եւ մարմնին դէմ: Մաս մը ըմբոստ արեան ճերմակ գնդիկներ կ՛որոշեն յարձակիլ ջիղերու myelin կոչուած ծածկոյթին վրայ, ջիղեր, որոնք զանազան պաշտօններու (տեսողութիւն, զգայնութիւն, հաւասարակշռութիւն…) պատասխանատու են: Անձը ժամանակ մը կրնայ կորսնցնել իր տեսողութիւնը, զգայնութիւնը, հաւասարակշռութեան կամ գրելու կարողութիւնը: Անակնկալներով լի է, որովհետեւ չես կրնար գիտնալ, թէ այդ ըմբոստ արեան ճերմակ գնդիկները ո՛ւր եւ ե՛րբ պիտի յարձակին: Կարեւոր է նշել թէ, հիւանդութիւնը ամէն մէկ անձի քով տարբեր ձեւով կը յառաջանայ: Նաեւ շատ փոքր յոյս մը գոյութիւն ունի, ըստ որուն, մարմինը կը նորոգէ այդ զարնուած myelin կոչուած ծածկոյթը: Բայց MS-ը ո՛չ մահկանացու, ո՛չ փոխանցիկ եւ ո՛չ ալ ժառանգական հիւանդութիւն մըն է, այլ միայն յամրընթաց ձեւով անձը կը դառնայ ֆիզիքապէս անկարող ժամանակի մը համար: Հիւանդը եւ ընտանիքը տակաւին վերջնական բուժումի կը սպասեն: Իսկ հիւանդը, այս ծախսալից հիւանդութիւնը կրելու եւ իսկապէս չբժշկուելուն պատճառով, անկարող եւ յուսահատ կը դառնայ:

Այս անկարողութեան կողքին, հիւանդին բեռը աւելի կը ծանրանայ, երբ կը տեսնէ, թէ ինք այլեւս կարող չէ աստիճան իջնել-ելլել, ինքնաշարժ վարել առաջուան պէս եւ առանձին տունէն դուրս ելլել: Բայց ա՛լ աւելի յուսահատ կ՛ըլլայ, երբ կը տեսնէ, թէ ընկերութեան, գործի տեղերու եւ հանրային օգտագործման վայրերը (ինչպէս` եկեղեցի, թատերասրահներ…) անպատրաստ են անկարներ ընդունելու: Անկար բառով կ՛ուզենք յատկանշել անիւով աթոռ կամ ձեռնափայտ գործածողներ: Ինչո՞ւ անկար մարդիկ պիտի չկարենան ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ գործի, ո՛չ թատերասրահ եւ ո՛չ իսկ պտտելու երթալ: Ինչո՞ւ այլեւս ան իր գրասենեակը, ինքնաշարժը կամ գործատեղին պիտի չկարենայ հասնիլ աստիճաններու գոյութեան պատճառով: Այս հիւանդութենէն տառապող մարդիկ ինչո՞ւ տան մէջ բանտարկուած պիտի մնան: Անկարներու իրաւունքները պահպանելու օրէնքը (օրէնք թիւ 220/2000) արդեօք որքանո՞վ կը գործադրուի Լիբանանի մէջ: Անկարներ ո՛չ խղճմտանքի եւ ո՛չ նիւթականի պէտք ունին, այլ` առիթի:

Այս պայքարին մէջ կը դառնանք Աստուծոյ, քանզի կը հաւատանք, թէ Ամենագէտ Աստուած, որ գիտէր եւ կրնայ կեցնել ամէն տեսակի հիւանդութիւն, թոյլ կու տայ, որ հիւանդութիւններ պատահին մեր կեանքերուն մէջ: Իրականութեան մէջ մենք ուրիշներէ տարբեր բան մը չունինք, որ մեզի չպատահի: Բայց մենք փառք կու տանք Աստուծոյ` մեր ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն համար. եւ ա՛լ աւելի` մեր հաւատքը եւ յոյսը կենդանի Աստուծոյ վրայ հաստատ ըլլալուն համար: Ուրեմն չվատնենք այս առիթը, քանզի Ան ծրագիր մը ունի մեզի եւ մեր շրջապատին համար: Կրնայ ըլլալ` մեր անձնական կեանքերուն, մտածելակերպի փոփոխութեան, եւ շինարարական գաղափարներու նորոգութեան համար:

Արդ, քանի մը  երիտասարդներ եւ MS-ի դէմ պայքարողներ քով-քովի գալով, կ՛որոշենք իրարու նեցուկ կանգնիլ եւ խօսիլ հիւանդներուն պէտքերուն ու իրաւունքներուն մասին: Կոչ կ՛ուղղենք, որ եթէ անձեր գիտէք MS-ով հիւանդ, եւ կամ տեղ մը անկարներու համար պատրաստելու գաղափարներով, հարցումներով, կարելի է մեզի հետ կապուիլ հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին` գրելով. E-mail: [email protected].

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
MS-ի դէմ պայքարող

Share this Article
CATEGORIES