«ԱՐԱՐԱՏԻ ՇՐՇՈՅՆՆԵՐԸ»` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Արամ Սարգսեան

Այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ բացումը կը կատարուի Հայաստանի «Արամէ» պատկերասրահի 17 հեղինակներու ստեղծագործութիւններու հաւաքական ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Արարատի շրշոյնները» խորագիրը: Ցուցահանդէսը «Արամէ» ցուցասրահին հետ համատեղ կազմակերպած է լիբանանեան «Կոկիկեան» հիմնադրամը: Նախատեսուած է ցուցահանդէսէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը տրամադրել կրթական նպատակներու: Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան բարձր հովանաւորութեամբ:

«Արամէ» պատկերասրահը, երկրորդ անգամ ըլլալով, ցուցահանդէս կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ. ներկայացուող հեղինակներուն մէկ մասը ծանօթ է լիբանանցիներուն, ինչպէս` Ռոպեր Էլիբեկեան, Գաբրիէլ Մանուկեան, իսկ մէկ մասն ալ առաջին անգամ ըլլալով իր գործերը պիտի ցուցադրէ այստեղ: Ցուցահանդէսին մասնակից գեղանկարիչներն են` Ժանսեմ, Ռոպեր Էլիբեկեան, Ռուբէն Աբովեան, Քարլոս Սայադեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Սարգիս Համալբաշեան, Գաբրիէլ Մանուկեան, Արմէն Գէորգեան, Ալպեր Յակոբեան, Տիգրան Մաթուլեան, Գագիկ Ղազանչեան, Կայծ Վանիկեան, Տիգրան Պետրոսեան, Աւետիք Չիթչեան, Մարատ Մարգարեան, Տիգրան Բարխանաջեան, Գասպար Մելքոնեան:

«Ազդակ» ցուցահանդէսէն առաջ հանդիպում ունեցաւ «Արամէ» պատկերասրահի հիմնադիր-տնօրէն Արամ Սարգսեանի հետ, որ յայտնեց, թէ  բոլոր հեղինակներն ալ Հայաստանի ժամանակակից արուեստը ներկայացնող   լաւագոյն անուններէն են: «Առհասարակ մեր պատկերասրահին հիմնական նպատակը միայն Հայաստանի ժամանակակից արուեստն ու անոր նուաճումները ներկայացնելն է: Ես վստահ եմ, որ  մեր ժամանակակից կերպարուեստը հայ մշակոյթի ամէնէն հզօր ոլորտներէն մէկն է, մենք կրնանք այդ կերպարուեստով դուրս գալ միջազգային բեմ եւ բարձր գնահատանքի արժանանալ», ըսաւ Արամ Սարգսեան: Անդրադառնալով անցեալ տարի «Արամէ» պատկերասրահի լիբանանեան ցուցահանդէսին` Արամ Սարգսեան ըսաւ, որ շատ լաւ ընդունելութիւն գտած է Հայկազեան համալսարանի ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած այդ ցուցահանդէսը, եւ իրենք վստահ են, որ նոյն ընդունելութիւնը պիտի գտնէ նաեւ այս անգամ: «Մենք լաւ ծանօթ ենք լիբանանահայ արուեստասէրի ճաշակին եւ նախասիրութիւններուն, տեղեակ ենք, որ լիբանանցին արուեստասէր է եւ գիտէ գնահատել լաւ արուեստը: Նոյնիսկ երբ մենք տարբեր երկիրներու մէջ ցուցահանդէսներ կ՛ունենանք, կը զգանք, որ ամէնէն հետաքրքրուածն ու ամէնէն աշխուժը այդ երկիրներուն մէջ ապրող լիբանանահայերն են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ առհասարակ հայ ժողովուրդը արուեստասէր ժողովուրդ է, ուր ալ որ ըլլայ: Ինչ կը վերաբերի «Արամէ» պատկերասրահի երեւանեան գործունէութեան` Արամ Սարգսեան ըսաւ, որ կը պատրաստուին Երեւանի մէջ բացումը կատարելու իրենց երկրորդ ցուցասրահին, որ պիտի ըլլայ Մաշտոց պողոտային վրայ: «Ութ  տարուան ընթացքին ընդլայնած է մեր գործունէութիւնը, նոր հեղինակներ աւելցած են, եւ, բնականաբար ներկայիս տարածքը այլեւս չի բաւեր: Կը պահենք ներկայիս մեր ցուցասրահը, բայց կ՛ունենանք նաեւ երկրորդը: Ինչպէս նաեւ կը պատրաստուինք մասնակցելու Լոնտոնի Արուեստի միջազգային ցուցահանդէսին», «Ազդակ»ին յայտնեց Արամ Սարգսեան: Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ հետզհետէ աւելի կը մեծնայ  ժամանակակից արուեստին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, եւ եթէ «Արամէ» ցուցասրահին մէջ ցուցադրուող գործերուն գնորդները առաջ սփիւռքահայերն էին, ապա այսօր նաեւ` հայաստանցիներն են:

Ինչ կը վերաբերի այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ բացուելիք «Արարատի շրշոյնները» ցուցահանդէսին, Արամ Սարգսեան ըսաւ, որ ինք ուրախ է համագործակցելու կրթական նպատակներ հետապնդող հիմնադրամի մը հետ: «Մշակոյթն ու կրթութիւնը մէկզմէկու փոխլրացնող ասպարէզներ են», ըսաւ ան` նշելով,  որ ներկայացուած հեղինակներէն իւրաքանչիւրը վառ ու ինքնատիպ անհատականութիւն է, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ստեղծած արուեստը կարելի չէ շփոթել ուրիշ ոեւէ մէկուն արուեստին հետ: «Առհասարակ տեղեակ եմ, որ լիբանանցիները ծանօթ են կերպարուեստի ժամանակակից միտումներուն  եւ անոնց կարելի չէ բանով մը զարմացնել, բայց այս անգամ մենք փորձած ենք զարմացնել», մեր զրոյցը այսպէս եզրափակեց Արամ Սարգսեան` արուեստասէրներուն խորհուրդ տալով չփախցնել առիթը ընդամէնը մէկ շաբթուան համար բացուած այս ցուցահանդէսին ներկայ գտնուելու:

Ա. ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Share this Article
CATEGORIES