ՖՐԱՆՑ ՎԵՐՖԵԼԻ «ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐԸ» ՎԷՊԻ ԲԵՄԱԴՐՈՒՄ` ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 մայիսին ընդունեց Հայաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած խումբ մը մշակոյթի գործիչներ եւ դերասաններ, որոնք Ստեփանակերտի մէջ պիտի բեմադրեն Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպին գրական-երաժշտական ներկայացումը:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ուժերու համադրումը համազգային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններու լայն լուսաբանման գործին մէջ, ինչ որ կը հանդիսանայ մատաղ սերունդը հայրենասիրական ոգիով դաստիարակելու, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան ծանօթացնելու հիմնական ուղղութիւններէն մէկը:

Երկու կողմերը նշեցին, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ պէտք է պարբերաբար կազմակերպուին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարբեր օճախներուն մէջ:

Հանդիպման կը մասնակցէին մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան:

 

Share this Article
CATEGORIES