Էվերեսթի Բարձունքներուն Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճիշդ 60 տարիներ առաջ, առաջին անգամ ըլլալով մարդիկ կրցան հասնիլ աշխարհի ամէնէն բարձր լերան` Էվերեսթի գագաթը:

29 մայիս 1953-ին, ժամը 11:30-ին մարդ արարածը իր ոտքը դրաւ Էվերեսթի գագաթին վրայ առաջին անգամ ըլլալով:

33 տարեկան Նորզելանտայի Էտմունտ Հիլլըրի եւ իր նեփալցի առաջնորդ, 29 տարեկան Թէնսինկ Նորկէյ եղան առաջին անձերը, որոնք իրենց դրօշակը պարզեցին «աշխարհի տանիքին» վրայ, 8848 մեթր բարձրութեան վրայ: Էտմունտ Հիլլըրի եւ Թենսինկ Նորկէյ մաս կը կազմէին անգլիացի զինուորական Ճոն Հանթի հովանաւորութեամբ գործող 14 լեռնագնացներու խումբի մը:

Էվերեսթի վրայ կանգնած

«Յանկարծ շուրջս ոչինչ գոյութիւն ունէր, բացի տիեզերքէն, չորս կողմս»: Այս ձեւով կը ներկայացնէ Էտմունտ Հիլլըրի իր ժամանումը աշխարհի տանիքին վրայ:

Այդ քաջագործութենէն ետք շատեր հետեւած են անոնց օրինակին: Սակայն Էվերեսթը մագլցիլը շատ վտանգաւոր արկածախնդրութիւն մըն է: Այս պատճառով միայն փորձառու լեռնագնացներն են, որոնք կը մասնակցին այդ արշաւանքներուն:

Գագաթին մօտ, 8000 մեթր բարձրութեան վրայ, օդը շատ կը նօսրանայ: Հոն շնչելը կը դժուարանայ եւ մարմինը կը տկարանայ: Այդ շրջանը կ՛անուանեն «տեթ զոն» (մահուան շրջան): Հոն աւելի քան 300 անձեր մահացած են:

Քաջագործութիւններու դաշտ մը

23 մայիսին 80 տարեկան ճափոնցի մը լեռը մագլցած է եւ գագաթ հասած… երրորդ անգամ ըլլալով:

2006 թուականին 47 տարեկան նորզելանտացի մը դարձաւ իր երկու ոտքերը կորսնցուցած առաջին անձը, որ հասաւ Էվերեսթի գագաթը:

2001 թուականին կոյր ամերիկացի մը արդէն այդ քաջագործութիւնը կատարած էր: Մէկ տարի ետք ան բարձրացած էր աշխարհի ամէնէն բարձր նշանաւոր 7 գագաթները:

Աշխարհի ամէնէն բարձր 7 գագաթները իւրաքանչիւր ցամաքամասի ամէնէն բարձր լեռներն են:

 

Հրաբուխներուն Տաքութիւնը

Աշխարհի վրայ տասը հրաբուխներէն մէկը կը գտնուի Չիլիի մէջ, Հարաւային Ամերիկա: Արդեօ՞ք այս կրակէ լեռներուն պարունակած ամբողջ տաքութիւնը կրնայ ծառայել երկիրը տաքցնելու:

Չիլին հրաբխային երկիր մըն է: Սակայն նոյն ժամանակ ան երկիր մըն է, որ պէտք ունի ուժանիւթ արտադրելու:

Հետեւաբար, ինչո՞ւ չգործածել հրաբուխներուն հայթայթած ջերմութիւնը` այդ ուժանիւթը արտադրելու համար:

Այս հեռանկարով է, որ Չիլին համաձայնագիր մը կնքեց Նոր Զելանտայի հետ (Ովկիանիա): Այս երկիրը անոր պիտի օգնէ երկրագունդին պարունակած ներքին ջերմութիւնը ուժանիւթը վերածելու դրութիւններ հաստատելու:

* * *

Հրաբուխներուն կեդրոնը կայ եռացող լաւայ, ինչպէս նաեւ` շատ տաք շոգի:

Այս շոգին է, որ պէտք է «բռնել» մեքենան աշխատցնելու եւ ելեկտրականութիւն արտադրելու համար:

Արեւէն, հովէն եւ ջուրէն ետք, ահաւասիկ` օդը չապականող ուրիշ միջոց մը ուժանիւթ արտադրելու: Հրաբուխները օգտագործելը շատ հետաքրքրական գաղափար մըն է: Սակայն ասիկա հարց մըն է նաեւ տարբեր ձեւով դիտելու այս կրակէ լեռները:

Գիտէիր, Թէ…

Չիլին ստիպուած է իր ուժանիւթին 70 առ հարիւրը դուրսէն ներածելու: Ասիկա իրեն համար շատ սուղ կ՛արժէ: Հետեւաբար երկիրը մեծ ճնշումի տակ կը գտնուի` անձնապէս արտադրելու իր ուժանիւթը:

Մինչեւ այսօր առաջարկուած ծրագիրները, յատկապէս` հսկայ ամբարտակի մը շինութիւնը, մեծ ընդդիմութեան հանդիպած են ժողովուրդին կողմէ:

Նոր Զելանտայի մէջ ելեկտրական հոսանքին 77 առ հարիւրը արտադրուած է բնական միջոցներով (հով, արեւ…):

Ասիկա մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ Չելիի մէջ, որ մեծ կարեւորութիւններ ունեցող երկիր մըն է:

1907 թուականին Չիլիի մէջ է, որ առաջին անգամ ըլլալով երկրագունդին ջերմութիւնը օգտագործելու հետախուզական աշխատանքները սկսած են: Սակայն անոնք առկախուած են: Արդեօք այս անգամ անոնք պիտի կարենա՞ն արդիւնքի մը յանգիլ:րերը կը պատուըւին նոյեմբեր ամսուն:

 

Մտածենք

Հօրը Տղան

Հայր մը եւ իր որդին իրարու շատ կը նմանին: Ամէն մարդ տղուն կ՛ըսէ. «Կարծես հայրդ է` քու տարիքիդ»:

– Գիտնալով, թէ հայրը իր զաւակէն 30 տարեկան աւելի մեծ է, եւ անոնք երկուքը միասին  36 տարեկան են, քանի՞ տարեկան է զաւակը:

Պատասխանը վերջաւորութեան

 

Հայրերու Տօնը

Մայրերու տօնին նման, հայրերու տօնն ալ կը տօնուի տարբեր թուականներու, ըստ երկիրներուն:

Ծագում

Հայրերու տօնին ծագումը կրնայ տարբեր պատմութիւն ունենալ` ըստ իւրաքանչիւր երկրի աւանդութիւններուն: Սակայն հայրերու արդի տօնը հաւանաբար ծագած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր Քալվին Քուլիճ նախագահը զայն տօն հռչակած է 1910 թուականին: Սակայն հայրերու յատուկ տօն մը նշելու գաղափարը եկած է Սոնորա Լուիզ Սմարթ Տոտէն: Սոնատայի մայրը մահացած էր, երբ ան շատ փոքր էր. անոր հայրն է, որ առանձին մեծցուցած է իր 6 զաւակները` իրենց ագարակին մէջ:

Սոնորա Սմարթ Տատ կը որոշէ աշխատիլ, որպէսզի հայրերու ի պատիւ օր մը նշուի:

Հայրերու տօնին առաջին տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ 19 յունիս 1910-ին, Ուաշինկթընի նահանգին եւ քանի մը ուրիշ նահանգներու մէջ: 1924 թուականին նախագահը կ՛առաջարկէ, որ այս տօնը ազգային դառնայ: Սակայն 1966 թուականին նախագահ Լինտըն Ճոնսընն է, որ նախագահական հրամանագիրով մը կը հռչակէ յունիս ամսուն երրորդ կիրակին հայրերու ազգային տօն:

Ֆրանսայի մէջ այս տօնը յառաջացած է հրահանի մը վաճառանիշի մը առեւտրային գործառնութենէ մը: Անիկա ազգային տօն դարձած է 1952 թուականին:

Աշխարհի շուրջ

  • Պելճիքայի մէջ այս տօնը կը տօնուի յունիս ամսուան երկրորդ կիրակին:
  • Իտալիոյ, Փորթուգալի եւ Սպանիոյ մէջ ժողովուրդը հայրերու տօնը կը նշէ Սուրբ Յովսէփի օրը, 19 մարտին:
  • Լուքսամպուրկի մէջ հայրերուն եւ մայրերուն օրերը կը նշուին նոյն օրը, հոկտեմբեր ամսուն:
  • Գերմանիոյ մէջ, հայրերու օրը կը նշուի Համբարձումի հինգշաբթին, մայիս ամսուն:
  • Շուէտի մէջ հայրերը կը պատուըւին նոյեմբեր ամսուն:
  • Անգլիոյ մէջ անոնք կը յիշուին մայիս ամսուն երկրորդ կիրակին:
  • Հարաւային Քորէայի մէջ հայրերու եւ մայրերու տօնը նոյն օրն է, 8 մայիսին:

Իսկ գիտէի՞ք, թէ կարգ մը երկիրներու մէջ մէկ կամ երկու օր արձակուրդ կը տրուի հայրերու տօնին առթիւ:

 

Ձեռային Աշխատանք

«Զեն» Պարտէզ Մը
Պապային Համար

Այս ճափոնական զեն փոքրիկ պարտէզը անուշիկ նուէր մը կրնայ ըլլալ հայրերուն համար: Այս պարտէզը անոնց առիթը պիտի տայ հանգստանալու, յատկապէս այն օրերուն, երբ անոնք գործէն կը վերադառնան շատ յոգնած:

Պէտք ունիս

Խաւաքարտէ տուփի մը, մկրատի, ջրաներկի, փայտէ ցպիկներու (պաղպաղակի ցպիկներու նման), քիչ մը աւազի, (իսկ եթէ աւազ չգտնես, կորկոտ), հեղուկ խէժի (կամ` ճերմակ ձեռային աշխատանքի խէժ), փոքր կեղծ պոնզայ ծառի մը (տե՛ս բացատրութիւն), քանի մը հատիկ կարմիր չոր լուբիայի կամ չոր բակլայի:

Բացատրութիւն

 

1.- Խաւաքարտէ տուփին վերի բաժինը կտրէ` ձգելով 1-2 սմ բարձրութիւն:

3.- Տուփին մէջ դիր աւազը:

2.- Փայտէ ցպիկները փակցուր չորս կողմերուն վրայ` պզտիկ «մայթ» մը կազմելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

5.- Ծովափի խիճին վրայ ճերմակ խէժ դիր եւ վրան փակցուր մանր ճիւղի կտորը:

4.- Կեղծ պոնզայ ծառին համար պէտք պիտի ունենաս ծովափի խիճի մը եւ շոճիի մանր ճիւղի մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6.- Այս փոքրիկ ծառը դիր աւազին վրայ: Շուրջը աւելցուր քանի մը հատիկ չոր լուբիա կամ չոր բակլայ:
Պարտէզը պատրաստ է: Հայրիկդ կրնայ ակռակրկիտ մը գործածելով փորձել գիծեր գծել աւազին մէջ` «քարերը» տեղափոխելով եւ միշտ նոր պատկերներ ստեղծելով:

 

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնելու իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:

Կրնա՞ս գտնել իւղի տուփին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը իւրաքանչիւր ուղղահայեաց, եւ հորիզոնական շարքերուն եւ 3×3 տուփիկներու մէջ դնելով 1-9 թիւերը:

Կրնա՞ս գտնել այս կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխան

Դուն 6 տարեկա՞ն պատասխանեցիր: Ուրեմն թակարդին մէջ ինկար: Եթէ տղան 6 տարեկան ըլլար եւ իր հայրը իրմէ 30 տարեկան աւելի մեծ ըլլար, այսինքն` 36 տարեկան, անոնք երկուքը միասին 42 տարեկան պիտի ըլլային:

Պզտիկ տղան 3 տարեկան է: Այս պարագային միայն հօրը տարիքը կը համապատասխանէ 30 տարի աւելի, 33 տարեկանի, եւ երկուքին տարիքներուն գումարումը հաւասար կ՛ըլլայ 36-ի:

Share this Article
CATEGORIES