ՀԲԸ Միութեան Վարժարաններու «Շուշի» Դպրոցական Թատերախումբն Ու Յակոբ Պարոնեանը
Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին միասնաբար ու միակամ կը նշէ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ բեկումնային դարձած մայիսեան յաղթանակները: Մայիսեան փառապանծ յաղթանակներուն մէջ իր անգնահատելի դերն ու նշանակութիւնը ունի հայոց հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշիի հերոսական ազատագրումը, որ դարձած է մեր ժողովուրդի անկոտրում ոգիի, ռազմական փառքի ու յարատեւութեան խորհրդանիշը:
Շնորհիւ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի վարժարաններու «Շուշի» թատերախումբին` Պէյրութի մէջ այս տօնը քիչ մը աւելի երկարաձգուեցաւ, որովհետեւ աշակերտ-դերասանները մեծ խանդավառութեամբ ու նոյնքան մեծ պատասխանատուութեամբ երկու օր շարունակ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ անմահ Պարոնեանի ստեղծագործութիւններու հետաքրքրական համադրութիւն մը ցուցադրեցին` «Քիչ մը Պարոնեան» անուան տակ:
Թէ ինչո՞ւ Պարոնեան, այդ հարցումին յստակ պատասխանը տուած էր թատերական գրքոյկը: «Եթէ ուսումնական որեւէ հաստատութեան, առաւել եւս դպրոցի՛ առաջնային դերն ու նշանակութիւնը մատաղ սերունդը դաստիարակելու եւ կրթելու մէջ է, ուրեմն այս գործին մէջ անփոխարինելի է մեծն Պարոնեանի երգիծապատումներուն աւանդը: Ահա թէ ինչո՛ւ Պարոնեա՛ն, որովհետեւ անկէ լաւ ոչ ոք ցոյց տուած է, թէ ինչպէս… պէտք չէ՛ ապրիլ…»:
Ի պատիւ թատերախումբի շնորհալի անդամներուն, բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեանի, Հայարփի Հաճեան-Ճերեճեանի, Անի Թորանեան-Գրիգորեանի եւ դեռ շատ ուրիշներու, պէտք է նշել, որ տօնը իսկապէս կայացաւ: Բոլորը փայլուն կատարեցին իրենց վստահուած գործը եւ բարձր պահեցին որպէս թատերախումբի այցեքարտ ընտրուած հերոսական քաղաքին անունը:
ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան, Նազարեան եւ Կարմիրեան վարժարաններու բոլոր աշակերտ-դերասանները եկան ապացուցելու, որ իրենք կրնան նոր կերպարներ ստեղծել ու նաեւ կեա՛նք տալ այդ կերպարներուն: Թող ներեն մեզի մեր հերոսները, եթէ մէկ առ մէկ չենք յիշեր իրենց անունները, բայց ընդգծենք, որ անոնք բոլորն ալ արժանի են մեր բարձր գնահատականին:
Երեք ներկայացումներու աւարտին հնչած եւ մէկ միասնական մարմին դարձած սրահին երկարատեւ ծափահարութիւնները, հանդիսատեսի, ծնողներու, մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հիացական արձագանգներն ու շնորհակալական խօսքերը ըսուածին ստոյգ վկայութիւններն են:
ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Կրթական յանձնախումբի եւ վարժարաններու տնօրէնութեան սերտ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք ծնած այս թատերախումբը իր երրորդ բեմադրութիւնը իրագործեց յաջողութեամբ` երեք տարբեր բեմականացում եւ մէկ քանի տասնեակ շնորհալի դպրոցականներ:
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ «Քիչ մը Պարոնեան» ներկայացման օրը, յունիս մէկը, երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն էր, որ մեծ շուքով, արդէն վաթսունչորրորդ տարին ըլլալով, կը նշէ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը:
Ընդունուած կարգ է, որ այդ օրը մեծահասակները յատուկ նուէրներ կը պատրաստեն երեխաներուն համար, իսկ երեխաները իրենց կարգին մեծահասակներուն իրենց ձեռքի աշխատանքները կը մատուցեն որպէս երախտագիտութիւն:
ՀԲԸ Միութեան Շուշի դպրոցական թատերախումբի «Քիչ մը Պարոնեան» բեմադրութիւնը փոխադարձաբար, զիրար ամբողջացնող երկու բաղադրիչներուն համաձուլուածքն էր:
Թող թատրոնը իր հրաշագործ ներկայութեամբ մեր պատանիներու անբաժան ուղեկիցն ու մտերիմը դառնայ: Այդպիսով կը շահի ոչ միայն ինք` պատանին, այլեւ այն հանրութիւնը, որուն անբաժան մասնիկն է այսօրուան աշակերտը, վաղուան քաղաքացին ու հայ անհատը ընդհանրապէս:
ՀԲԸՄ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

